ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին դէպի Թուրքիա իր կատարած այցէն առաջ՝ Դեկտեմբեր 11ին այցելած է Սուրիա գտնուող Հմէյմիմի ռուսական օդուժի խարիսխը, ուր դիմաւորուած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սեր-կէյ Շոյկուի կողմէ։
Ելոյթ ունենալով ռուս զինուորներուն առջեւ՝ Փութին հրամայած է ռուսական զօրքերը երկրէն աստիճանաբար դուրս բերելու գործընթացին սկսիլ, միաժամանակ վստահեցնելով, որ «եթէ ահաբեկիչները դարձեա՛լ գլուխ բարձրացնեն, մենք անոնց կը հասցնենք այնպիսի հարուած մը, զոր նախապէս չեն տեսած»:
Իր կարգին, Ասատ շնորհակալութիւն յայտնած է Փութինին՝ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին Ռուսիոյ արդիւնաւէտ մասնակցութեան համար: