ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, 11 Դեկտեմբերին, Ազգային ժողովի ճեպազրոյցներուն ընթացքին Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, անդրադառնալով նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ գիւղապետերուն վերաբերեալ ելոյթին՝ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ ու ըսաւ, որ նախագահը, բնականաբար, պէտք է գործէ ըստ գործող կարգին, քանի որ տակաւին ամբողջովին խորհրդարանական համակարգի մէջ չենք. անոր յորդորը ուղղուած էր այն ճշմարտութեան, որ ժամանակ առ ժամանակ բոլորը առանց վերահսկողութեան՝ վստահութեան մթնոլորտի մէջ պէտք է աշխատին, ասիկա այդ պարունակին մէջ պէտք է դիտարկել:
Նշենք, որ անցեալ Ուրբաթ օր, Տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն նուիրուած խորհրդաժողովին ընթացքին Սերժ Սարգսեան իր ելոյթոյին մէջ անդրադառնալով համայնքապետերու չարաշահումներուն՝ նշեց. «Գաղտնիք չէ, որ շատ համայնքապետներ չարաշահում են իրենց պաշտօնը եւ այն օգտագործում են անհասկանալի եւ անընդունելի եկամուտներ ունենալու համար՝ սկսած նրանից, ո՛ր տարբեր խորամանկութիւններով, տարբեր ձեւերով օտարում են համայնքներին պատկանող հողերը, ո՛ր անազնիւ վերաբերմունք են ցուցաբերում համայնքային բիւջէների նկատմամբ, եւ չմանրամասնեմ, որովհետեւ ինձ համար շատ տհաճ է այս խօսակցութիւնը: Մի բան եմ, ուղղակի, ուզում ասել. շատ ներողամիտ ենք եղել համայնքապետների նկատմամբ: Ներողամիտ ենք եղել, որովհետեւ համարել ենք, որ պէտք է կայանան, այս ինստիտուտը (հաստատութիւնը-Խմբ.) պէտք է կայանայ, եւ այս ընթացքում հնարաւոր են որոշակի վատ դրսեւորումներ: Ուզում եմ բոլորիդ, ոչ մէկին չեմ վախեցնում, ուղղակի ուզում եմ բոլորիդ զգուշացնել՝ եթէ որեւէ մէկը պէտք է այս գործերով զբաղուի, աւելի լաւ է գնայ ուրիշ տեղ աշխատի»։
Նախագահը նաեւ ըսաւ. «Մենք պատրաստ չենք տեսնել, թէ ձեզմէ ոմանք ինչպէս մեր բնակչութեան փողերը տուն կը տանին, ամօ՛թ է»:
Ըստ Ռուստամեանի՝ համայնքապետներու գործունէութեան առնչուող կան ճշգրիտ ձեւեր, որոնք, ըստ անոր, նոր Սահմանադրութեամբ առաւել եւս պիտի կարգաւորուին եւ յստականան. «Պէտք է գործեն այնպիսի մեքանիզմներ (մեքենակառոյցներ-Խմբ.), որոնց հիման վրայ բացառուին նման երեւոյթները»:
Այն հարցումին, թէ այս պարագային ինչո՛ւ չունինք քրէական գործեր, եթէ եղած են համայնքապետներ, որոնք «բնակչութեան փողը տուն տարած են»՝ Արմէն Ռուստամեան պատասխանեց. «Ասիկա նախազգուշացում է բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն նման բաներ ընել կամ միջնորդել ուրիշի մը համար: Պէտք է համատարած պայքար տեղի ունենայ, համայնքապետներն ալ պիտի զգան այն պատասխանատուութիւնը, որ դրուած է ըստ օրէնքի ու պատասխան պիտի տան որեւէ թերացումի պարագային: Եղած են դէպքեր, երբ ոմանք այդ պատասխանատուութեամբ չեն գործած, եղած են ահազանգեր, որոնք չեն հետապնդուած, նախագահն ալ կ՛ըսէ, որ այսուհետեւ այս գործընթացը իր հունով պիտի ընթանայ»:
Ռուստամեան նաեւ շեշտեց, որ նման յայտարարութիւններ չեն ենթադրեր, որ եղած է միջնորդութիւն:
«Չի նշանակեր, որ ինք լսած է նման դէպքերու մասին: Պարզապէս ըսել կ՛ուզէ, որ ոեւէ մէկը իր նախկին մտայնութեամբ չփորձէ գործել, պարզօրէն կը յայտարարուի, որ այդպիսի դրսեւորումներ այլեւս ներելի պիտի չըլլան նոր Հայաստանի մէջ: Նախագահը չէ, որ կրնայ ներել կամ չներել. պիտի ըլլան վերահսկող ու պատժող մարմիններ. ոեւէ մէկը չի կրնար նախագահով կամ մարզպետով «փրկուիլ»», շարունակեց Արմէն Ռուստամեան:
Այն դիտարկումին, թէ երբ նախագահը նման յայտարարութիւն կ՛ընէ, ասիկա չի՞ նշանակեր, որ իրաւապահ մարմինները պէտք է զբաղին այս յայտարարութիւններով՝ Ռուստամեան ըսաւ. «Պէտք է արձագանգեն, եւ կրկին կ՛ըսեմ՝ ոչ միայն նախագահի յայտարարութենէն ետք. իրենց սրբազան պարտքն է եւ պարտաւոր են ընել այդ մէկը: Ինչո՞ւ չեն արձագանգած, որովհետեւ նախապէս անձնակեդրոն համակարգ էր, մարդիկ այդ հոգեբանութենէն չեն ձերբազատած տակաւին: Ընտրողը մինչեւ հասկնայ, որ իր ընտրութենէն բան մը պիտի փոխուի, չ՛երթար այդ 5000 կամ 10,000 դրամին ետեւէն, ոստիկանն ալ երբ հասկնայ, որ երկրին մէջ բան մը փոխուած է, ան ալ 100 անգամ կը չափէ, որ աշխատի այնպէս, որ անգործութեան մեղադրանքի առջեւ չյայտնուի, քանի որ մենք մեր հասարակութեան մէջ այդպիսի վերահսկող աչքեր պիտի յառաջացնենք»: