ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը իր Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբերի նիստին վաւերացուց Մեղրիի մէջ ազատ տնտեսական գօտի ստեղծելու, «Մեղրի ազատ տնտեսական գօտի» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը ազատ տնտեսական գօտիի կազմակերպիչ ճանչնալու, ինչպէս նաեւ ազատ տնտեսական գօտիի գործունէութեան վերաբերեալ կազմակերպիչին կողմէ ներկայացուող հաշուետուութեան ձեւերը հաստատելու մասին նախագիծը:
Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան յայտնեց, որ ազատ տնտեսական գօտիի նպատակն է օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումներու ներգրաւումը, երկրի ներդրումային գրաւչութեան բարձրացումը, արտածման ուղղուածութիւն ունեցող գործունէութեան խթանումը:
Ըստ նախարարին՝ ազատ տնտեսական գօտին կը զարգանայ երկու փուլով՝ աւարտական փուլին ունենալով 70 հեկտար տարածք:
«Գօտու գործունէութեան արդիւնքում առաջիկայ տարիներին նախատեսւում է ներգրաւել 50-70 շահագործող կազմակերպութիւններ, որոնք կ՛իրականացնեն 130-150 միլիոն դոլարի ներդրումներ, կը ստեղծուի շուրջ 1500 նոր աշխատատեղ: Արտահանման ծաւալները կը կազմեն 350 միլիոն դոլար», ըսաւ նախարարը՝ աւելցնելով, որ 15 Դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ ազատ տնտեսական գօտիի բացումը: