ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Յունուարի երկրորդ կէսին պիտի կայանայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպումը. Դեկտեմբեր 7ին այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմեթ Հաճիեւ:
Ան աւելցուցած է, թէ մէկ օր առաջ Վիեննայի մէջ կայացած նախարարներ Էլմար Մամետեարովի ու Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպումին ընթացքին աշխոյժ քննարկումներ կատարուած են հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող առաջարկութիւններուն շուրջ: Ան աւելցուցած է, թէ Մամետեարով «դրական եւ շինի»չ որակած է հանդիպումը:
Արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն 6 Դեկտեմբերի հանդիպման արդիւնքներուն, յայտնեց, որ այս հանդիպումները, որոնք դարձած են յաճախակի, կը համընկնին նաեւ այն հանգամանքին հետ, որ լարուածութիւնը ճակատի վրայ նուազած է:
«Այդ տեսակէտից հանդիպումները դրական են», ընդգծեց Քոչարեան: