ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Տարիներով պատասխանատու դիրքերու վրայ եղող, նուիրումի ու զոհողութեան գնով ահագին վաստակի տէր դարձած, բնականօրէն պատկառանք ու յարգանք պարտադրող Սասունի ազգանունով ընկեր Բաբգէնը համեստ ու խոնարհ դաշնակցականի իսկակա՛ն տիպար էր:
Ընկերական համերաշխութիւնը կազմակերպական կեանքի հզօրացման կարեւորագոյն յատկանիշ ընդունած ընկեր Սասունին, իր վարքով, իր գործով նպաստեց Դաշնակցական առողջ մթնոլորտ ստեղծելու ճիգերուն եւ իր լուռ գնահատանքներով ու սաստումներով պատգամեց անկեղծութիւն ու անսակարկ նուիրում:
Ան ընտրեալներու յատուկ հաւաքականութեան մը մաս կազմած ըլլալու փաստը, ինչպէս իր գործի ու յետագային նաեւ կեանքի ընկերները, ինչպէս իր սրտակից զինակիցները, երբե՛ք չչարաշահեց, չվերածեց շնորհք ու դիրք ապահովելու միջոցի: Իր կուսակցական կազմաւորումը թոյլ չէր տար մտնել ընտրական պայքարներու մէջ, թոյլ չէր տար պաշտօնի ձգտիլ:
Դաշնակցական օրինակելի յատկանիշ է իր պարտաճանաչութիւնը, ստանձնած պարտականութիւններուն հանդէպ բծախնդրութիւնը, անոնց լիակատար իրագործման նախանձախնդրութիւնը:
Ժողովական կեանքի հանդէպ յատուկ լրջութեամբ կը վերաբերէր ընկեր Բաբգէն: Դաշնակցութեան գերագոյն Ընդհանուր ժողովի մասնակցած ընկերը, նոյն երկիւղածութեամբ ու կարգապահութեամբ կը մասնակցէր իր պատկանած կոմիտէութեան հերթական ժողովներուն, որոնցմէ իր բացակայութիւնը միայն անյաղթահարելի պատճառ պէտք էր ունենար: Այդպիսի անյաղթահարելի պատճառի չարագուշակ նախազգացումն էր, որ իր մահէն շաբաթ մը առաջ մղած էր «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչները՝ իր տունը այցելելու մասին մտածելու:
Շրջանային որեւէ ժողովի կրնար ընտրուիլ ան, իբրեւ պատգամաւոր, կրնար որեւէ ժամանակ, եթէ ուզէր, ընտրուիլ շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմի մէջ: Շրջանային ժողովներէն իր խուսափումը չէին ներեր իր ընկերները, եւ գրեթէ միշտ իր մասնակցութիւնը կը պարտադրէին իբրեւ հրաւիրեալ:
Ընկեր Բաբգէնի հիմնական մտահոգութիւնը նորերու, երիտասարդ ուժերու ճամբան բանալն էր, եւ ինք պատրաստ էր իր բարոյական նեցուկով թիկունք կանգնելու, քաջալերելու երիտասարդ գործիչները: Ես անձնապէս զգացած եմ անոր այդ հոգատարութիւնը ծրագրային քննարկումներու ժամանակ, նաեւ՝ խմագրական պարտականութեան ստանձնումի առաջին տարիներուն, երբ ինծի յանձնուեցաւ ընկեր Բաբգէնի ամէնէն մտերիմներէն՝ Քրիստափոր Սենօ Բագրատունիի գործը շարունակելու պարտականութիւնը: Սենօն եւ Բաբգէնը՝ իմ երէց ընկերներս, դարձան ինծի յենարան, հանգամանք մը, զոր երկուքն ալ շարունակեցին՝ մինչեւ իրենց կեանքի վերջաւորութիւնը:
Մեծ ու փոքր գործեր չկային ընկեր Բաբգէնի համար: Ընդհանուր ժողովներուն նախապատրաստուիլ, ծրագրային կամ կանոնագրային քննարկումներու մասնակցիլ, յանձնախումբ մը ղեկավարել կամ յանձնախումբի անդամ դառնալ՝ իրմէ նոյն պատրաստակամութիւնը կը ստանային:
Ընկեր Բաբգէն բացառիկ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր ազգային կեանքին. համայնքէն ներս որեւէ արժէքաւոր հաւաք, սեմինար, դասախօսութիւն կամ մշակութային իրադարձութիւն չէր փախեր իր ուշադրութենէն:
Մե՛ծ է ընկեր Բաբգէնի ներդրումը մեր համայնքին մէջ, մեր կազմակերպութեան մէջ: Մեծ է եւ իր դրոշմը անժխտելի՛: Մենք մեր առօրեայ հասարակական կեանքին մէջ իբրեւ ուղեցոյց մի՛շտ պիտի ունենանք ընկեր Սասունիի խորհուրդները, յորդորները, պիտի զգանք իր քաջալերող ու ամրապնդող ներկայութիւնը: