ՖՐԵԶՆՕ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր».- Ֆրեզնօ գտնուող Քալիֆորնիոյ Հայկական տարեցներու տան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ իր նախաձեռնած եւ 42 միլիոն տոլար արժող ընդարձակման ծրագիրը կը մօտենայ աւարտին։
Այնուհետեւ, «Այգեստաններ» անունը կրող տարեցներու տունը յառաջիկայ տարուան Յունուարին պիտի սկսի ընդունելու իր առաջին բնակիչները՝ հանդիսանալով իր տեսակին մէջ շրջանին մեծագոյն հաստատութիւնը։
Մօտաւորապէս վեց տասնամեակ առաջ, շրջանի հայութիւնը Քալիֆորնիոյ Հայկական տարեցներու տան երազը իրականացուց, իսկ այժմ իրականանալու մօտ է ընդհանուր համալիրին բնակիչներու թիւը աւելի քան կրկնապատկելու կարողութիւնը ունեցող «Այգեստաններ»ու երազը՝ շնորհիւ Ս. Պար Փօլ եւ Սու Կարապետեան Փօլ հիմնադրամին աջակցութեան եւ բազմաթիւ այլ նուիրատուներու օժանդակութեան։
Նախկին կառոյցին կողքին շինուած «Այգեստաններ»ը տարեցներու յատուկ բնակութեան տարբեր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ՝ որակաւոր պայմաններու մէջ։
Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 899-9200 թիւին կամ renr@vineyardslife.org հասցէին։
(Քաղուած՝ Տեպի Նալչաճեան-Քոհընի թղթակցութենէն)