ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Հորիզոն».- 1 Դեկտեմբերին, Գանատայի կառավարութեան Քեպեքի գրասենեակին հրաւէրով, «Հորիզոն» շաբաթաթերթիի խմբագրութիւնը յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Գանատայի պաշտպանութեան նախարար Հարժիթ Սաճճանի հետ: «Հորիզոն»ի խմբագրութեան կողմէ հարցազրոյցը վարեցին վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեան եւ «Հորիզոն»ի անգլերէն բաժինի աշխատակից Լելակ Ոսկիեան։
Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ եղաւ պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս Գանատա–Հայաստան համագործակցութեան մասին: Նախարարը կարեւորեց վերոնշեալ երեւոյթը՝ յայտնելով, որ յայտնապէս տարածաշրջանային առումով անհրաժեշտ են նման համագործակցութեան նախաձեռնութիւններ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան խաղաղարար աշխատանքներու ընդհանուր պարունակին մէջ։
Այլ հարցերու շարքին, նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Գանատայի ներկայ կառավարութեան կողմէ յառաջիկայ երկու տասնամեակներուն ընթացքին 62 միլիառ տոլար պաշտպանութեան պիւտճէի ծրագրային կարգ մը մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ ներկայիս հակամարտութեան մէջ գտնուող աշխարհի կարգ մը շրջաններ գանատական բանակի խաղաղապահ ուժեր գործուղելու ծրագիրներուն մասին։
Նշենք, որ նախարար Սաճճան Գանատայի պատմութեան մէջ առաջին պաշտպանութեան նախարարն է, որ կը պատկանի ազգային փոքրամասնութեան մը: Ան զինուորական իր ծառայութիւնը կատարած է Գանատայի բանակին մէջ որպէս գնդապետ: Գործուղուած է Պոսնիա–Հերցեկովինա եւ Աֆղանիստան, որմէ ետք 11 տարի ծառայած է Վանքուվըրի ոստիկանութեան ոճրագործութեանց հետաքննութեան բաժանմունքին մէջ: Խորհրդարանի պատգամաւոր ընտրուած է 2015ին եւ նոյն տարին վարչապետ Թրուտոյի կողմէ նշանակուած է պաշտպանութեան նախարար։
Հարցազրոյցի աւարտին, «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան նախարար Սաճճանի յանձնեց Արցախեան Ապրիլեան պատերազմին նուիրուած «Հորիզոն»ի 2016ի եռալեզու բացառիկ թիւը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102ամեակին նուիրուած եռալեզու յաւելուածը: