ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Դեկտեմբեր 1ին, նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերով նախկին խորհրդական Մայքըլ Ֆլին ընդունեց, որ անցեալ տարուան նախագահական ընտրութիւններու սեմին, իր եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Ռուսիոյ դեսպանին միջեւ հանդիպումներուն մասին սուտ տեղեկութիւններ փոխանցած էր «Էֆ.Պի.Այ.»ին՝ խոստանալով գործակցիլ զինք ամբաստանած դատախազութեան հետ։
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբերին, Թրամփի ընտրապայքարի պետ Փօլ Մենըֆորտ ձերբակալուած եւ բանտարկուած էր՝ պետութենէն իր եկամուտը ծածկելու յանցանքով, մինչ այլ խորհրդական մը՝ Ճորճ Փափատոփուլոս, ընդունած էր, որ սուտ խօսած էր «Էֆ.Պի. Այ.»ի գործակալներուն։