2017ի Յունուարէն Սեպտեմբեր ամիսներուն, աւելի քան 1.5 միլիոն զբօսաշրջիկ այցելած է Հայաստան: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն՝ այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն Ռուսիան առաջին տեղը կը գրաւէ Հայաստան այցելած օտարերկրեայ քաղաքացիներու թիւով:
Հայաստան այս երկրի քաղաքացիներուն կատարած այցելութիւններուն թիւը 349,800 է, ինչ որ կը կազմէ այցելուներու ընդհանուր թիւի 23 տոկոսը:
137,938 այցելութիւնով, երկրորդը Իրանն է, երրորդը՝ Վրաստանը, չորրորդը՝ Միացեալ Նահագները, հինգերորդը՝ Ֆրանսան:
Դէպի Հայաստան այցելութիւններ հիմնականօրէն կատարուած են Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Եւրոպայի եւ ԱՊՀ տարածաշրջանի երկիրներէն: Ծյրագոյն Ասիայէն ցուցակին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Ֆիլիփինները, Չինաստանը, Ճափոնը եւ Հարաւային Քորէան:
Ցուցակին մէջ այցելութիւններու թիւով ամէնավերջինը Պուլկարիան է՝ 1,163 այցելուներով: