ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբերին, Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարութեան Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանի պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ եղաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Վարժարանի բացման արարողութիւնը նուիրուած է Հայաստանի ազգային հերոս, Արցախի հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի ծննդեան յոբելեանին. 25 Նոյեմբերին կը լրանայ Մոնթէի ծննդեան 60րդ տարեդարձը:
Վարժարանի զինուորական գծով փոխտնօրէնի զեկոյցէն ետք, կրթահամալիրի սաները հանդիսաւոր քայլերթ կատարեցին: Վարժարանի տարածքին վրայ տեղի ունեցաւ նաեւ Մոնթէ Մելքոնեանի արձանի բացման արարողութիւնը:
Ապա տեղի ունեցաւ վարժարանի 80 առաջին դասարանցիներու խոստման արարողութիւնը, որմէ ետք յատուկ նշանակութեան ջոկատի մարտիկներուն հետ միասին վարժարանի սաները ցուցադրեցին «Ճանապարհ դէպի բարձունք» անուանած իրենց մարտական հնարքները:
Օրուան միջոցառումներու շարքին էր վարժարանին մէջ ԹՈՒՄՕ-բանակ համագործակցութեամբ հիմնադրուած ԹՈՒՄՕի լսարանի բացումը:
Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարան կը յաճախեն աւագ դպրոցի՝ 10, 11 եւ 12րդ դասարաններու աշակերտներ: Ներկայիս աշակերտներու թիւը 190 է, որոնցմէ 94ը ընդունուած է այս տարի: Աշակերտները Հայաստանի մարզերէ են: Աշակերտները տեղաւորուած են, ջեռուցուող, օդափոխուող, առանձին բաղնիքներով յարմարաւէտ եւ 3-4 հոգիի համար նախատեսուած սենեակներու մէջ: Վարժարանը օժտուած է ժամանակակից վարժասարքերով յագեցած մարզադահլիճներով, կառուցուած են լողաւազան, ֆութպոլի, պասքեթպոլի եւ թենիսի խաղահրապարակներ: