ՊԸՐՔԼԻ, Քալիֆորնիա.- Հայաստանի մէջ մարդասիրական գործունէութիւն մշակող «Փարոս» կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 2018ի Յունիս 24էն Յուլիս 24ի միջեւ, Միացեալ Նահանգներու տարածքէն երիտասարդներ անգամ մը եւս առիթը պիտի ունենան գործնականապէս իրենց ներդրումը բերելու Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման կազմակերպութեան գործին:
Այս տարուան արշաւին մասնակցած էին 21 հայորդիներ, որոնք իրենց ներդրումները բերած էին 8 տարբեր ծրագիրներու մէջ։
2013էն ի վեր գործող այս ծրագիրին մասնակցողները նաեւ առիթը պիտի ունենան այցելելու Հայաստանի եւ Արցախի պատմական, կրօնական ու մշակութային կարեւոր վայրեր. անոնց համար պիտի կազմակերպուին շարք մը հանդիպումներ եւ դասախօսութիւններ:
Դիմումնագիրներ ներկայացնելու ժամկէտը Ապրիլ 1ն է:
Մասնակցութեան մանրամասնութեանց համար, դիմել Փիթըր Ապաճեանին՝ (310) 400-9061 թիւով կամ peter@parosfoundation.org հասցէով:
Դիմումնագիրներուն եւ կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.parosfoundation.org կայքը: