ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբերին, տեղեկատուական արհեստագիտութեան (IT, ՏԱ) ոլորտին մէջ համաշխարհային ներդրում բերած ըլլալուն համար Հայաստանի նախագահի մրցանակի դափնեկիր, լիբանանեան ծագումով ամերիկացի գիւտարար, «Nest Labs» ընկերութեան հիմնադիր Թոնի Ֆատել այցելեց «Վիւասել»ի գլխամասային գրասենեակ:
iPod ապրանքանիշի հեղինակ, գիւտարար Ֆատել, «Վիւասել»ի գլխաւոր տնօրէն, մրցանակաբաշխութեան յանձնաժողովի անդամ Ռալֆ Եիրիկեան, մրցանակաբաշխութեան գործադիր խորհրդի նախագահ, «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայելեան եւ մրցանակաբաշխութեան յանձնաժողովի անդամ, «Վիասֆեր Տեխնոպարկ» ընկերութեան նախագահ Թոնի Մորոյեան պատասխանեցին լրատուամիջոցներու հարցերուն:
iPod-ը հնարողը Հայաստան կը գտնուի ՏԱ ոլորտին մէջ համաշխարհային ներդրման համար Հայաստանի նախագահին մրցանակը ստանալու նպատակով:
Անդրադառնալով այս մրցանակին՝ Թոնի Ֆատել ըսաւ. «Ինծի համար մեծ պատիւ է ստանալ այս մրցանակը եւ անկախ այն բանէն, թէ որքան փոքր կամ մեծ է ձեր երկիրը, մէկ անհատ կամ մէկ խումբ կրնայ աշխարհի մէջ մեծ փոփոխութիւն բերել: Եւ կարիք չկայ, որ դուք հասնքք Սիլիքոն հովիտ՝ արդէն յաջողած նախաձեռնութիւնը կրկնելու համար: 1991ին, նոյն թուականին, երբ Հայաստան ձեռք բերաւ իր անկախութիւնը, ես առաջին անգամ մեկնեցայ Սիլիքոն հովիտ, եւ այդ մէկը հրաշալի փորձառութիւն էր: Արդարեւ, ես որոշեցի, որ պէտք է շրջագայիմ ամբողջ աշխարհը առաջին՝ իմանալու համար աւելին, թէ ինչպէս արհեստագիտութիւնը կրնայ միաւորել տարբեր համայնքներ՝ զանոնք աւելի լաւ եւ ուժեղ դարձնելու համար: Ուրեմն, ես կը քաջալերեմ բոլոր անոնց, որոնք կը գտնուին Հայաստանի ՏԱ ոլորտին մէջ կամ կը փափաքին մուտք գործել այդ ոլորտէն ներս, որպէսզի ներարկեմ վստահութիւն՝ հաստատելով, որ կարելի է մեծ յաջողութիւններ արձանագրել եւ անոնց հասնիլ անձնական միջոցներով, պայմանաւ, որ բաց ըլլաք աշխարհին առջեւ»:
«Այս տարի մենք մեծ պատիւ ունենք աւելացնելու Հայաստանի նախագահի մրցանակաբաշխութեան դափնեկիրների շարքին Թոնի Ֆատելին՝ գլոբալ ՏԱ ոլորտի հսկային, ով իր յայտնագործութիւնների շնորհիւ մեծ ազդեցութիւն է ունեցել մարդկութեան վրայ: Թոնին կարողացել է նախագծել եւ ստեղծել iPod-ի ապրանքանիշը, որը հանդիսանում է հիմնական բջջային հարթակներից մէկը եւ որն արդէն փոխել է գլոբալ արդիւնաբերութիւնը, տնտեսութիւնը եւ մարդկութեան զարգացման ընթացքը», յայտնեց Թոնի Մորոյեան:
Նշենք, որ ութերորդ անգամն է, որ «Վիւասել»ը կը ստանձնէ մրցանակաբաշխութեան գլխաւոր գործընկերութիւնը: Մինչ այժմ, ընկերութիւնը 162.2 միլիոն դրամ տրամադրած է այս ծրագիրի իրականացման նպատակին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նոյն օրը ընդունեց Թոնի Ֆատելը: