ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
ՄՏԱԾԵ՛ՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆ, ԽՕՍԻ՛ՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆ, ԵՐԳԵ՛ՆՔ, ԽԱՂԱ՛ՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆ…
Անցեալի զոյգ յօդուածներուս շարքը ամփոփ ձեւով ներկայացուց որոշ բաժիններ Ազգ. Փիլիպոս վարժարանի Հայ մշակոյթի տօնակատարութենէն, որ տակաւ կը շարունակէ իր շունչը փոխանցել մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդական կարգերը:
Այս շաբաթ, հայկական ժողովրդական նուագարաններու հարազատ ու խանդավառ ձայնը հնչեցուցին երկրորդականէն կարգ մը աշակերտներ՝ նուագելով տհոլն ու զուռնան, շրջելով մանկամսուրի, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարանները, նուագին հետ առընթեր հայկական պարային քայլեր ներկայացնելով աշակերտներուն… Ո՛չ միայն խանդավառելու միտումով, այլ հայկական վարժարանի սրբազան առաքելութիւնը փոխանցելու՝ ՄԵՐը ու ԱՒԱՆԴԱԿԱՆը, եւ ապրեցնելու մեզ յաջորդող մատղաշ սերունդներու նորակազմ հոգիները:
Մեր հեքիաթներն ու անոնց դարաւոր ժողովրդական ու բարոյական դրոշմը անհրաժեշտ էր փոխանցել մեր մանուկներուն. այս առթիւ, սիրայօժար տատիկ մըն էր ընթերցողն ու պատմողը առաջին եւ երկրորդ կարգի աշակերտութեան՝ «Արամին Պարտէզը». հաճելի էր ու ըմբռնելի իր պատումով եւ խորհուրդով. ան փոխանցեց բնութեան մաքրութեան, պահպանումին ու արժէքին պատգամը։ Փոքր էին ունկնդիրները, սակայն ըմբռնեցին պատգամը ու խրախուսուեցան, երբ յատկապէս տատիկին կողմէ ստացան բանալիի եռագոյն կախիչներ, ինչպէս նաեւ դպրոցիս կողմէ պատրաստուած եռագոյն ու հայկական տարազներով զարդերուն մատիտներ…
Վստահ ենք, որ մարդկային ու հայեցի դաստիարակութիւնը պիտի ծաղկի հո՛ն, անոնց կեանքին մէջ, տեղ մը եւ ժամանակ մը…:
Աշակերտներէն աշակերտներուն փոխանցուած ներդպրոցական ապրուած օրինակներն իսկ իրենց դերը պիտի ունենային, երբ երկրորդականի աշակերտներէն խումբեր այցելեցին նախակրթարանի աշակերտութեան՝ պատմելու համար Թումանեանի նշանաւոր հեքիաթներէն «Քաջ Նազարը»: Այս ձեւը իր յատուկ ազդեցութիւնը կ՛ունենայ, երբ աշակերտը իր նմանէն կը ստանայ պատումն ու դերակատարութիւնը… Աշակերտին հոգեբանութիւնը սերտելը եւ առ այդ փոխանցելը այլ տարբերակներով՝ կը մնայ վարժարանիս մեծագոյն առաքելութիւնը:
Հայկական հանելուկներու յայտարարութիւնն ու մրցանքի խաղը՝ երեք տարբեր մակարդակներու վրայ՝ նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց լսելու, ծանօթանալու եւ վերլուծելու. ի վերջոյ, նպատակը հայերէնի՝ տարբեր մարզերու մէջ գործածութեան պարզութիւնն ու կարեւորութիւնն էր:
Հայ մեծ երաժիշտ, երգահան եւ խմբավար Ռոպերտ Ամիրխանեանի վարժարանս այցելութիւնը նաեւ տարբեր երանգ մը տուաւ, երբ աշակերտները մարզասրահէն ներս ունկնդրեցին հայ երգն ու երաժշտութիւնը՝ դաշնամուրի վրայ Ամիրխանեանի կողմէ յօրինուած ու երգուած, ինչպէս՝ «Հայու աչեր»ը, «Երազ իմ երկիր հայրենի»ն, որ կրկնուեցաւ նաեւ մեր աշակերտուհիներէն մէկուն կողմէ եւ հիացուց նոյնինքն երաժիշտը։ Ապա «Էլէկեան»՝ դաշնամուրի վրայ, եւ հայկական մենապարը…
Արուեստագէտը հիացած էր հայ դպրոցի դաստիարակութեամբ ու ջամբած հայրենասէր ոգիով, որոնց անձնապէս ականատես եղաւ այդ օր:
Կ՛արժէ յիշել նաեւ, թէ տեսերիզի արձանագրութիւններ տեղի ունեցան եւ զետեղուեցան դպրոցիս Դիմատետրի ցանցին վրայ. ելոյթ ունեցան միջնակարգի երգչախումբը՝ «Հայաստան աշխարհ», իսկ երկրորդականինը՝ «Սայաթ Նովա» երգերով։ Խրախուսական էր «Փիլիպոս»ի մեծ ընտանիքին համար՝ ամէնուրեք:
Յաւէտ ապրի՛ ու ապրեցնէ՛ մեզ հայ մշակոյթը…
Յաւէտ ապրի՛ հայ դպրոցն ու հայ աշակերտը…
Յաւէտ ապրի՛ հայ ուսուցիչն ու ազգային գործիչը…
Փա՜ռք ձեզի՝ հայ մշակոյթի խոնարհ բայց եւ հզօր հերոսներ…
Մտածե՛նք հայերէն, խօսի՛նք հայերէն, երգե՛նք, խաղա՛նք հայերէն…