Նոր Զելանտայի մէջ այժմ կ՛ապրին շուրջ 200 հայեր: Անոնք Իրաքէն, Իրանէն, Լիբանանէն եւ Հայաստանէն են: Տեղւոյն հայերը կը բնակին Օքլատ եւ Ուլլինկթը քաղաքներուն մէջ: 1996էն կը գործէ Նոր Զելանտայի Հայկական միութիւնը, որուն նպատակն է հայապահպանումը եւ մանուկներու հայեցի դաստիարակութիւնը: Հայկական միութեան ղեկավար Նուպար Եագուպեան «Արմէնփրէս»ին յայտնած է, որ իրենք ջանք չեն խնայեր հայապահպանման ուղղուած աշխատանքներուն:
«Այստեղ հայ համայնքը քիչ է եւ ցրուած: 1996ին կը գործէր հայկական դպրոց մը, սակայն անիկա փակուեցաւ՝ նոր աշակերտներ չունենալուն պատճառով: Հայոց լեզուի պահպանման հարցը լուրջ հարց է: Կան խառն ամուսնութիւններ: Այժմ համայնքի ջանքերով կը նախատեսենք մօտիկ ապագային Օքլանտի մէջ վերաբանալ հայկական կիրակնօրեայ դպրոցը», ըսաւ Նուպար Եագուպեան:
Ըստ անոր՝ իրենք կը փորձեն կապ պահպանել Հայաստանի հետ՝ կրթական գործընթացները կազմակերպելու համար: Առցանց կը կազմակերպուի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացք: Դպրոցը բանալէն ետք դասընթացքները նաեւ առցանց պիտի ըլլան, որպէսզի Նոր Զելանտայի այլ քաղաքներու հայերը նոյնպէս միանան: Համացանցով պիտի միանան նաեւ մասնագէտներ Հայաստանէն: