
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Մինչ Լիբանանի հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ապագային շուրջ անորոշութիւնը կը յամենայ, անոր գրասենեակը հաղորդեց, թէ Հարիրի Նոյեմբեր 7ին Ռիատէն կարճատեւ այցելութիւն մը կատարած է դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ քննարկելով շրջանային եւ յատկապէս Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները։ Ան այնուհետեւ Ռիատ վերադարձած է։
Քաղաքական վերլուծաբաններ կը յայտնեն, թէ այցելութեան նպատակը հաւանաբար փորձ մըն է՝ փարատելու համար այն կասկածները, թէ ինք եւս տնային կալանքի տակ է, շաբաթավերջին Սէուտական Արաբիոյ մէջ ձերբակալուած 11 իշխաններուն նման։
Միւս կողմէ, Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որ հանդիպումէն ետք ըսաւ, թէ կը զօրակցի այս պայմաններուն մէջ Հարիրիի հրաժարականը մերժելու Աունի կեցուածքին՝ աւելցնելով. «Նոր կառավարութեան կազմութեան մասին խօսիլու տակաւին կանուխ է»։
Մինչ այդ, Սէուտական Արաբիոյ Ծոցի երկիրներու հարցերու պետական նախարար Թամեր Սապհան շեշտեց, որ Հարիրիի հրաժարականէն ետք, Լիբանան նոյնը պիտի չմնա՛յ: «Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուներէն կախեալ է, թէ անիկա ահաբեկչութեա՞ն, թէ խաղաղութեան երկիր է», ըսաւ Սապհան, որ Ռիատի դէմ պատերազմ հռչակելու յանցանքով ամբաստանած է Լիբանանի կառավարութեան մաս կազմող «Հըզպալլա» կուսակցութիւնը՝ դատապարտելով յատկապէս Եմէնի հուսիներուն աջակցելու անոր կեցուածքը։
«Սէուտական Արաբիան քաղաքական եւ բոլոր այլ միջոցները պիտի որդեգրէ՝ «Հըզպալլա»ին դիմադրելու նպատակով», ըսած է Սապհան՝ ազդարարելով. «Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի նկատենք պատերազմի յայտարարութեան կառավարութիւն՝ «Հըզպալլա»ի զինեալներուն պատճառով»։