ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Լրագրող Դիանա Ղազարեան կը հաղորդէ, որ 2017ի առաջին ինն ամիսներուն սնանկացած են 927 ընկերութիւններ: Վերջին եօթ տարիներու կտրուածքով, այս մէկը սնանկութեան ամենաբարձր ցուցանիշն է:
Ընդհանուր առմամբ, 2010-2017 թուականներուն սնանկացած են 3171 ընկերութիւններ: Ըստ Պետական եկամուտներու կոմիտէի «Հետք»ին փոխանցած տուեալներուն՝ 2010 թուականէն սկսեալ տարուէ տարի աւելցած է սնանկացած ընկերութիւններու թիւը: