ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Երկուշաբթի, 7 Նոյեմբերին ձեռնարկեց դէպի Իսրայէլ պաշտօնական այցելութեան ծրագիրի գործադրութեան:
Իսրայէլի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Պենիամին Նեթանիահուի հրաւէրով տեղի ունեցող այս այցելութեան, առաջին օրը Նալբանդեան տեսակցեցաւ Իսրայէլի Քնեսեթի փոխնախագահ Թալի Փլոսքովի հետ:
Նշենք, որ Թալի Փլոսքով կը գլխաւորէ Իսրայէլ-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբը: Ողջունելով նախարար Նալբանդեանը՝ Թալի Փլոսքով ջերմօրէն վերյիշեց Հայաստան կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին նախարարին հետ ունեցած բովանդակալից հանդիպումները:
Էդուարդ Նալբանդեան, իր կարգին ընդգծեց միջխորհրդարանական կապերու յետագայ ընդլայնման կարեւորութիւնը՝ այս ամբողջին մէջ արժեւորելով երկու երկիրներու խորհրդարաններէն ներս գործող բարեկամական խումբերու համագործակցութիւնը եւ «Հայաստան-Իսրայէլ» հասարակական ֆորումի գործունէութիւնը: Զրուցակիցները անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն, ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան, մշակութային շփումներու աշխուժացման եւ զբօսաշրջութեան խթանման վերաբերեալ շարք մը հարցերու: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայ-հրէական պատմական առընչութիւններուն, Իսրայէլի հայ համայնքի եւ Հայաստանի հրեայ համայնքի գործունէութեան:
Ըստ կարգ մը պաշտօնական աղբիւրներու՝ Էդուարդ Նալբանտեան եւ Թալի Փլոսքով կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ շարք մը հրատապ տարածքաշրջանային հարցերու շուրջ:
Նալբանդեան յաջորդ օրը հանդիպեցաւ Իսրայէլի Քնեսեթի խօսնակ Եւլի Եոյլ Էտելսթայնի հետ: Հանդիպման ընթացքին Իսրայէլի խորհրդարանի ղեկավարը ըսաւ. «Քնեսեթը պատրաստ է բոլոր տեսակի աջակցութիւն ցուցաբերելու բարեկամ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու համակողմանի զարգացման»:
Կողմերը բարձր գնահատեցին երկու խոհրդարաններուն միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը, քննարկեցին միջխորհրդարանական կապերու սերտացումը, միջազգային կառոյցներու ծիրին մէջ համագործակցութիւնը:
Անդրադառնալով Քնեսեթին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման՝ Եւլի Էտելսթայն յայտնեց, որ իր տեսակէտը ճանաչման կարեւորութեան վերաբերեալ յայտնի է, եւ ինք զայն արտայայտելու բազմաթիւ առիթներ ունեցած է:
Միւս կողմէ, Էդուարդ Նալբանտեան Երկուշաբթի երեկոյեան այցելեց Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցաւ Ս. Յակոբեանց միաբանութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն կողմէ՝ գլխաւորութեամբ պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի:
Նալպանտեան Երուսաղէմի հայոց պատրիարքին ներկայացուց իր այցելութեան նպատակները եւ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրբ Յարութեան տաճարի երեք իրաւատէր եկեղեցիներու համագործակցութեան հարցերուն:
Զրուցակիցները անդրադարձան համահայկական օրակարգի շարք մը հարցերու: