
ՌԻԱՏ, «Պի.Պի.Սի.».- Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ պըն Սալման իշխանին գլխաւորած՝ Զեղծարարութեան դէմ պայքարի նոր մարմինը անցած շաբաթավերջին ձերբակալեց սէուտցի առնուազն 11 իշխաններ, քանի մը նախարարներ եւ տասնեակներով նախկին նախարարներ: Ձերբակալեալներու շարքին է «Թուիթըր»ի եւ «Էփըլ»ի նման շարք մը ընկերութիւններու մէջ հսկայ ներդրումներ կատարած միլիառատէր Ուալիտ պըն Թալալ իշխանը (որուն մեծ մայրը Ցեղասպանութենէն վերապրած հայուհի մըն է), ինչպէս նաեւ նախորդ թագաւորին երկու զաւակները:
Վերլուծաբաններ այս ձերբակալութեան արշաւը կը նկատեն 32ամեայ գահաժառանգին կողմէ իր իշխանութեան ամրապնդման միտող քայլ մը՝ շեշտելով, որ այս ձերբակալութիւններով ան վերացուցած է քարիւղով հարուստ ու իսլամութեան մեծագոյն սրբավայրերու երկրին վրայ իր ամբողջական վերահսկողութեան հաստատման դէմ վերջին արգելքները:
Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորը պաշտօնազրկեց իր երկրի ազգային պահակագունդի ու ծովուժի ընդհանուր հրամանատարները եւ անոնց փոխարէն նշանակեց նոր հրամանատարներ:
Նշեալ ձերբակալութեանց կողքին, «Մաստար» հաղորդեց, թէ Նոյեմբեր 6ին սպաննուած է Ֆահտ թագաւորին զաւակներէն՝ իշխան Ապտըլ Ազիզը, երբ ան մերժած է ոստիկանութեան յանձնուիլ եւ զինեալ ընդհարում ունցած է անոնց հետ։
Յատկանշական է, որ մէկ օր առաջ, այլ իշխան մը՝ Մանսուր պըն Մուքրին, զոհ գացած էր ուղղաթիռի արկածի մը՝ 9 այլ բարձրասիճան ղեկավարներու կողքին։ Արկածը տեղի ունեցած է Եմէնի հետ սահմանին մօտերը։
Նաեւ, Շաբաթ օր Եմէնէն քանի մը հրթիռներ արձակուեցան Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի վրայ, սակայն չէզոքացուեցան սէուտական պաշտպանութեան համակարգին կողմէ։ Իբրեւ հակադարձութիւն, սէուտական օդուժը ռմբակոծեց Եմէնի պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքը եւ մարզադաշտ մը՝ միաժամանակ յարձակումին պատասխանատու նկատելով Իրանը։