ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանցիները վարժ են «դէպի Ռիատ աշխատանքային այցելութիւն» անուանումը կրող՝ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յաճախակի այցելութիւններուն, սակայն անցեալ Ուրբաթ օր կատարուած այցելութիւնը երկրին մէջ ստեղծեց քաղաքական անորոշութիւն, երբ վարչապետը Ռիատէն յայտարարեց, թէ կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Արդարեւ, Շաբաթ, Նոյեմբեր 4ի կէսօրին, սէուտական «Արապիա» կայանէն սփռուեցաւ Հարիրիի հրաժարականը, որ անակնկալ մըն էր լիբանանցիներուն համար։
Իր հրաժարականին մէջ Հարիրի նշեց, որ Իրան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններուն միջամուխ կը դառնայ, լիբանանցիներուն միասնականութիւնը խոցելի կը դարձնէ, պետութեան մէջ պետութիւն կը հիմնէ եւ կը տիրէ Լիբանանի պետական որոշումներուն: «Դժբախտաբա՛ր, «Հըզպալլա» իր ձեռքը մեկնած է Իրանին, եւ թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ շրջանին մէջ կը կատարէ անոր բոլոր բաղձանքները», պնդեց Հարիրի՝ աւելցնելով, որ շրջանին մէջ Իրանի ձեռքերը պիտի կտրուին:
Ան արտայայտուեցաւ նաեւ սպանութեան թիրախ դառնալու իր մտավախութեան մասին:
Աւելի ուշ, Լիբանանի նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ նախագահ Միշել Աուն Հարիրիէն ստացած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը՝ անոր հրաժարականին մասին: Նշուած է նաեւ, որ Աուն կը սպասէ Հարիրիի Պէյրութ վերադարձին՝ անկէ իմանալու համար հրաժարականին պատճառները եւ ըստ այնմ որոշում տալու: Աուն ընդգծեց, որ Լիբանանի դէմ սպառնալիքները, յատկապէս իսրայէլեան սպառնալիքները կ՛ենթադրեն, որ լիբանանցիները միասնականութեամբ դիմագրաւեն բոլոր մարտահրաւէրները։
Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն, ներառեալ՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ, միաժամանակ ցուցմունքները տուաւ բանակին եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն՝ կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:
Իր կարգին, «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Նոյեմբեր 5ի երեկոյեան յայտարարեց, թէ Հարիրիի հրաժարականը սէուտական որոշում մըն է, որ պարտադրուած է վարչապետին՝ աւելցնելով, որ նոյնիսկ Հարիրիի «Մուսթաքպալ» հոսանքը զարմացած է այս որոշումէն:
Նասրալլա հաստատեց, թէ իրենք չէին փափաքեր, որ Հարիրի հրաժարի, որովհետեւ կառավարութեան աշխատանքները բնականոն ընթացքի մէջ էին, եւ հակառակ որոշ տարակարծութիւններու՝ երկրին մէջ արձանագրուեցան նուաճումներ: Ան նշեց նաեւ, որ հրաժարականի ձեւն ու վայրը հարցականներ կը ստեղծեն այդ իմաստով։ «Այս իրականութիւնը նաեւ փաստ մըն է, թէ Սէուտական Արաբիա ի՛նչ մակարդակի, ձեւի եւ չափի միջամտութիւններ կը կատարէ Լիբանանի ներքին հարցերուն», ըսաւ ան: Նասրալլա նաեւ կոչ ուղղեց զուսպ մնալու, մինչեւ որ կարելի ըլլայ որոշ իրականութիւններ հասկնալ եւ հրաժարականին բուն պատճառները բացայայտել:
Ապա, անդրադառնալով Ռիատի մէջ իշխաններու եւ թագաւորական ընտանիքի անդամներու ձերբակալութիւններուն ու արգելափակումներուն՝ Նասրալլա ըսաւ. «Իրաւունք ունինք մտահոգուելու վարչապետով եւ կասկածելու, թէ ան Ռիատի մէջ պատա՛նդ է»։
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասիմի նշեց, որ Հարիրիի հրաժարականը սիոնական-սէուտական-ամերիկեան նոր բեմագրութիւն մըն է, որ կը միտի Լիբանանի եւ շրջանին մէջ լարուածութիւն հրահրել: Ան նկատել տուաւ, որ Հարիրիի հրաժարականը ներքին լիբանանեան հարց է՝ աւելցնելով, որ Հարիրի ճնշումի տակ հրաժարած է:
Նաեւ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շեշտեց, թէ Հարիրիի հրաժարականը իբրեւ ազդարարութիւն պէտք է հնչէ միջազգային ընտանիքի ականջին, որպէսզի ան Սուրիոյ մէջ Իրանի բռնարարքները կասեցնէ: «Իրան կը փորձէ Սուրիան այլ Լիբանանի մը վերածել եւ անիկա ո՛չ միայն Իսրայէլի, այլեւ ամբողջ Միջին Արեւելքին վտանգ կը սպառնայ», պնդեց ան: