
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Հոկտեմբեր 9ին կայացած հանրային հաւաքի մը ընթացքին, Հաուայիէն քոնկրեսական Թուլսի Կապարտ առիթը ունեցաւ վերջերս Հայաստան եւ Արցախ կատարած իր այցելութեան տպաւորութիւնները փոխանցելու շրջանի հայութեան, միաժամանակ խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու ջանքերուն կարեւորութեան մասին։
Կապարտ մաս կազմած էր Հայաստանի անկախութեան (Սեպտեմբեր 21) տօնակատարութեանց զուգադիպած այցով Երեւան գտնուած քոնկրեսական պատուիրակութեան, որ հանդիպումներ ունեցած էր պաշտօնատարներու, գործարարներու եւ հասարակական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու հետ, Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով։
Խօսելով Արցախ կատարած իր այցելութեան մասին, որուն ընթացքին ան հանդիպում մը ունեցած էր Շուշիի արհեստագիտական վարժարանի մը աշակերտներուն եւ պետական պաշտօնատարներու հետ, քոնկրեսականը ըսաւ. «Շատ տպաւորիչ էր ականատես ըլլալ աւելի փայլուն ապագայ մը կերտելու ջանքերուն վրայ ժողովուրդի կեդրոնացումին։ Անոնք իրենց բոլոր կարելիութիւններով՝ իրենց ձեռքերով, իրենց ոտքերով եւ իրենց սրտերով է, որ կը կերտեն այդ ապագան»։
Ան միաժամանակ ցաւ յայտնեց, որ Ալիեւի վարչակարգին կողմէ՝ «սահմանի երկայնքին շարունակուող բռնարարքները հարցականի տակ դրած են խաղաղութեան գործընթացը եւ համաձայնութեան մը հասնելու համար վերջին տասնամեակներուն կատարուած աշխատանքը»։ Կապարտ նաեւ յիշեցուց, որ Հաուային մէկն է այն նահանգներէն, որոնք ճանչցած են Արցախի անկախութիւնը։
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով Կապարտ շեշտեց, թէ ճանաչումը կենսական է՝ ներկայիս եւ ապագային նման ցեղասպանութեանց առաջքը առնելու իմաստով։

Նշելով, որ Թուրքիոյ ներկայ ղեկավարութեան քայլերը յաճախ խոտոր կը համեմատին ամերիկեան շահերուն՝ ան ցաւ յայտնեց, թէ Սպիտակ տունը եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բաւարար արագութեամբ եւ խստութեամբ չեն դատապարտած այս տարուան Մայիսին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Էրտողանի թիկնապահներուն վայրագ յարձակումը խաղաղ ցուցարարներու վրայ։
Կապարտը հանրային այս հաւաքին ներկայացուց Արեւմտեան Հայ Դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերու խորհրդական Հայկ Պաղտասարեան, որ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականին, իր շարք մը հայանպաստ քայլերուն համար։
Այս առիթով, Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբը քոնկրեսական Կապարտին յանձնեց Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Յուլիս 4, 1918ին կայացած փառատօնի մը ընթացքին ամերիկահայերու կողմէ պատրաստուած սայլակին շրջանակուած լուսանկարը։ Քոնկրեսականի ելոյթէն հատուած մը կարելի է դիտել https://youtu.be/RbYfZPenAPs կայքէջին վրայ։