Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Յաճախ կրկնուած ակնկալութիւն է, որ Հայ դպրոցին ծառայողը՝ տնօրէն, ուսուցիչ, գրասենեակի պաշտօնեայ թէ անձնակազմի այլ անդամ, պէտք է արժանանայ գնահատանքի ու հրապարակային ծափահարութեան, որովհետեւ յատկապէս սփիւռքեան պայմաններու մէջ գործող մեր կրթական հաստատութիւնները սոսկական ուսումնարաններ չեն, այլ հայակերտումի միջնաբերդ, հայրենիքէն հեռու՝ հայրենիք, որուն հողը ուժ ու կենսունակութիւն կ՛ընծայէ անոր յարկին դիմողներուն. ու մեր ուսումնարանները ըստ էութեան կառուցուած են մարդկային այդ լուռ բանակի բազուկներուն վրայ։
Եւ ահա, Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինը, բաղձանքներէ եւ «պիտի»ներէ գործի անցնելով, 12 Նոյեմբեր 2017ին կը կազմակերպէ յատուկ հանդիսութիւն մը, պատուելու համար Ազգային վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող աւելի քան յիսուն դաստիարակներ եւ ծառայողներ։
Խնամակալ մարմինը առաջին անգամը չէ, որ հանդիսաւոր կերպով պատիւի կ՛արժանացնէ Հայ դպրոցին ծառայողները. այս հանգրուանին, պատիւի կ՛արժանանան ազգային վարժարաններու մէջ 25 եւ աւելի տարիներու վաստակ ունեցողներ. Խնամակալ մարմինը, թարգմանը հանդիսանալով ծնողներու, անցեալի ու այժմու աշակերտներու եւ, ինչո՞ւ չէ, մեր ժողովուրդին՝ գործնապէս շնորհակալութիւն կը յայտնէ կրթական այս մշակներուն ու պաշտօնավարողներուն, ու կը վկայէ, որ Հայ դպրոցին ծառայողը, անոր դրօշը տասնամեակներ շարունակ բարձր պահողը, այս կառոյցին իսկական սիւները հանդիսացողը աննկատ չի թողուիր մեր ժողովուրդին կողմէ։
Աւելորդ է երկար խօսիլ Հայ դպրոցի բազմերես առաքելութեան մասին. Սփիւռքի տարածքին, ու մասնաւորաբար Ցեղասպանութենէն վերապրող հայութեան կեանքին մէջ, Հայ դպրոցը եղաւ ու կը մնայ այն միջնաբերդը, որ հայ մանուկին ու պատանիին ձեռքերուն ու հոգիին կը յանձնէ մեր գոյատեւման ջահը, զանոնք կը կազմաւորէ մեր պատմութենէն հասնող պատգամներով, զանոնք կը հարստացնէ մեր բազմադարեան մշակոյթի գանձերով՝ Մեսրոպ Մաշտոցէն, Եղիշէէն, Խորենացիէն, Նարեկացիէն, Շնորհալիէն ու Թորոս Ռոսլինէն ժառանգ թողուած աւանդներով։ Հայ դպրոցը նաեւ այն դարբնոցն է, որ հայ սերունդները կ՛օժտէ Խաչատուր Աբովեանէն մինչեւ Խրիմեան Հայրիկ, մինչեւ Հայ ֆետայիներ ու մեր ազատագրական պայքարի այսօրուան փուլը կերտած ազատամարտիկներուն հրայրքով, որպէսզի Զէյթունէն, Սասունէն, Էրզրումէն, Մուսա Լեռէն ու Սարդարապատէն հնչած ձայները շարունակեն արձագանգել Արցախի բարձունքներուն ու ամբողջական Հայաստանի վերականգնումին ի խնդիր մղուող պայքարի դաշտերուն մէջ։ Այս երթին գլխաւոր դրօշակիրները, հաւատարմատարնե՛րն են Հայ ուսուցիչն ու Հայ դպրոցի յարկին տակ անձնդիր աշխատողները, առանց պաշտօնի ու դիրքի խտրութեան։
Խնամակալ մարմինը արդար գործ կ՛ընէ մեր ուսումնարաններուն մարդկային սիւները պատուելով. ո՛չ մէկ կասկած, որ այս պատիւին արժանացողները հոգեկան ցնծութիւն պիտի ապրին, այդ պահին մէջ ամփոփելով օր աւուր կերտուած վաստակի մը գումարը, իրենց ցանած սերմերուն ծաղկումին արձագանգը։
Հաւանաբար գնահատագիր մըն ալ պէտք է տալ Խնամակալ մարմինին, որ կը մարմնաւորէ մեր ժողովուրդին ու Հայ դպրոցի բարիքները վայելողներուն երախտագիտական զգացումները…։