ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Նոյեմբեր 3ին Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ պիտի վարէ ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկերի հետ. այս մասին կը տեղեկացնէ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւնը:
Քննարկուելիք նիւթերուն շարքին են «ԵԱՀԿի աջակցութիւնը տարածաշրջանային հակամարտութիւններու կարգաւորման, ներառեալ՝ Ուքրանիոյ, Մերձտնեսթրի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերը»: