ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար-Թասս».- Ասթանայի մէջ միջսուրիական բանակցութիւններու Ռուսիոյ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտարարած է, թէ Դամասկոս պատրաստ է սահմանադրական բարեփոխումներու դիմելու եւ այլ միջոցառումներ որդեգրելու, սուրիական տագնապին քաղաքական լուծման ջանքերը արագացնելու նպատակով։ Ան ըսած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ քննարկած է փոխանցման փուլը՝ նշելով, որ Ասատ կը գիտակցի սուրիական տագնապի լուծման համար ազգային երկխօսութեան ձեռնարկման կարեւորութիւնը:
Լաւրենթիեւ նաեւ յոյս յայտնած է, որ քանի մը շաբաթուան ընթացքին վերջ կը տրուի Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» գոյութեան: «Իտլիպի մէջ լարուածութեան համեմատութիւնը տակաւին բարձր է, եւ Թուրքիա ցարդ անցարգելներ չէ հաստատած, հակառակ Ասթանայի համաձայնութեան պայմաններուն: Կը յուսանք, որ թրքական կողմը հաւատարիմ կը մնայ Ասթանայի համաձայնութեամբ իր ստանձնած պարտականութիւններուն», նշեց Ռուսիոյ պատուիրակը՝ աւելցնելով. «Ջանք պիտի թափենք կանխարգիլելու համար ամերիկացիներուն եւ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն միջեւ որեւէ բախում», ըսաւ ան:
Լաւրենթիեւ նաեւ սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց հրաժարելու երկխօսութեան մասնակցելու համար նախապայմաններէն եւ ողջունեց այն իրողութիւնը, որ բազմաթիւ տեղահանուածներ վերադարձած են ազատագրուած շրջաններու մէջ գտնուող իրենց բնակարանները: