Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ 2018 տարին կը զուգադիպի ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 100ամեակին:
Վարչութիւնը որոշում տուաւ մեծ շուքով տօնախմբելու զայն, որպէսզի ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի մեծ ընտանիքը եւ շրջանի հայութիւնը արժանավայել ձեւով նշէ պատմական այս իրադարձութիւնը:
Աշխատանքի կարեւորութենէն մեկնած եւ սահուն ընթացք տալու համար լայնածաւալ աշխատանքին՝ մասնաճիւղի վարչութիւնը արդէն իսկ կեանքի կոչած է յատուկ յանձնախումբ մը, բոլորին միասնական ջանքերով, յաջողութեամբ պսակելու այս եզակի եւ պատմական ձեռնարկը:
Այս առիթով տեղի պիտի ունենան երկու ձեռնարկներ.
4 Մարտ, 2018՝ տօնակատարութիւն, «Կարապետեան» սրահին մէջ.
17 Մարտ, 2018՝ խրախճանք-պարահանդէս, De luxe Banquet hall-ին մէջ։
Նման ձեռնարկներու յաջողութիւնը կախեալ է ձեր եւ ձեզ նման ազգայիններու նիւթաբարոյական աջակցութենէն՝ քաջալեր հանդիսանալով պատմական այս մեծ նշանակութիւն ունեցող ձեռնարկին:
Անոնք, որոնք արխիւներ կամ նկարներ ունին, կը խնդրուի կապ հաստատել ընկհ. Մայտա Շահինեանին հետ՝ հեռաձայնեհլով հետեւեալ թիւին. (818) 825-0849։
ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» Մասնաճիւղի Վարչութիւն