ՊԷՅՐՈՒԹ.- Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ հովանաւորութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի, Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի երիտասարդ արուեստագէտներու «Ես եմ» ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը՝ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հալա Հատտատ: Ան ըսաւ, որ Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակը երիտասարդ ստեղծագործողներու առաջին քայլերուն հաստատուն ընթացք հաղորդելու եւ իրենց գեղարուեստական որոնումներուն ասպարէզ տալու ակնկալութեամբ, Ապրիլ 2017ին նախաձեռնած է «Ես եմ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսի իրականացման:
Հայաստանի տարբեր շրջանները ներկայացնող երիտասարդ արուեստագէտներ հանդէս եկած են իրենց ստեղծագործական ներաշխարհով եւ տեսլականով, կերպարուեստի մէկ եւ ընդհանրական լեզուով խորհրդակցելու համարձակ միտումով: Հալա Հատտատ յայտնեց նաեւ, որ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը նպատակայարմար գտած է նոյն ցուցահանդէսը կազմակերպել նաեւ Լիբանանի մէջ եւ այս առիթով ներկայացնել նոյն խումբէն ութ արուեստագէտներ՝ համոզուած ըլլալով, որ լիբանանահայ արուեստասէր հանրութիւնը մեծապէս պիտի գնահատէ այս նախաձեռնութիւնը եւ իր քաջալերանքով յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ նշեալ արուեստագէտներու ստեղծագործական երթին:
Երիտասարդ արուեստագէտներու խումբէն Լիբանան եկած Գայեանէ Աւետիսեան եւ Արսէն Յարութիւնեան յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին: Գայեանէ Աւետիսեան ըսաւ, որ իրեն համար շատ կարեւոր է պատշաճօրէն ներկայանալի ըլլալ նաեւ Սփիւռքի հայրենակիցներու համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի թէ՛ Երեւանի գրասենեակին, թէ՛ Լիբանանի կառոյցին՝ յոյս ունենալով, որ կապը Սփիւռքի արուեստասէր հասարակութեան հետ շարունակական ըլլայ:
Արսէն Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի բոլոր այն աշխատակիցներուն, որոնք իրականութիւն դարձուցին ցուցահանդէսը Լիբանանի մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանահայ հասարակութեան ջերմ ընդունելութեան համար եւ մաղթեց, որ անիկա ըլլայ միշտ ամուր եւ կուռ հայապահպանման օճախներուն առումով:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ սրահը կ՛ընդգրկէ երկու աշխարհներ՝ արուեստի աշխարհ եւ հայ աշխարհ: Հայութիւնը աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ որ գտնուի աչքի կը զարնէ իր հետեւողականութեամբ, ջանասիրութեամբ, իր կարողութեամբ եւ ձեռք բերած յաջողութեամբ: Ան նշեց, որ ասիկա մեծ յարգանք կ՛ենթադրէ հայութեան, որ ճիգ չխնայեց զարգանալու եւ զարգացնելու Լիբանանը, որովհետեւ հայերը Լիբանանի համար տուին եւ կառուցեցին իրենց լաւագոյնը՝ իբրեւ օրինապահ քաղաքացի:
Ցուցասրահին մէջ ներկայացուած էին Արման Ասատրեանի, Գայեանէ Աւետիսեանի, Գայեանէ Բարխուդարեանի, Էլմիրա Թումանեանի, Արսէն Յարութիւնեանի, Վահէ Եղեանի, Ռիմա Նանեանի եւ Նուշիկ Պետրոսեանի 82 արուեստի գեղեցիկ գործեր:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 11 Նոյեմբեր 2017, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30: