ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ.- Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջատար ֆութպոլիստները՝ խմբապետ Լիոնել Մեսիի գլխաւորութեամբ, չեն ուզած ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը ունենալ Ատրպէյճանի հաւաքականին դէմ:
Կը հաղորդուի, որ Արժանթինի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը ծրագրած էր բարեկամական մրցումներ կայացնել Ատրպէյճանի եւ Ուքրանիոյ դէմ, նկատի ունենալով, որ անոնք 2018ի աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը հիւրընկալող երկրին՝ Ռուսիոյ, դրացի են:
Սակայն, արժանթինցի ֆութպոլիստները չեն ուզած մրցիլ ատրպէյճանցիներուն դէմ եւ փոխարէն՝ նախընտրած են Նիճերիան: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 14ին, Կրասնոտարի (Ռուսիա) մէջ։