Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքեց հալէպահայ վաստակաւոր ազգային բժիշկ Յարութիւն Գաբրիէլեան:
Գաբրիէլեան երկար տարիներ նուիրումով ծառայած է Բերիոյ Հայոց թեմի ազգային կեանքին, որպէս Ազգային երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի եւ Հայ ծերանոցի խնամակալ: Իբրեւ բժիշկ իր մասնագիտական ծառայութիւնը բերած է ազգային վարժարաններուն, ՍՕԽի ընկերաբժշկական կեդրոնին եւ Հայ ծերանոցին:
Ան եղած է ազնիւ, ծառայասէր մարդ եւ վաստակաւոր բժիշկ: