ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները աշխատանք կը տանին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ յստակացնելու համար անոնց յաջորդ հանդիպման օրը, որ կրնայ յառաջիկայ շաբաթներուն տեղի ունենալ. «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցին ընթացքին տեղեկացուցած է ամերիկացի համանախագահ Էնտրու Շոֆըր:
«Հոկտեմբեր 16ին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն Ժընեւի մէջ կայացած հանդիպումը եւ Մինսկի խմբակին հետ կառուցողական աշխատանք տանելու անոնց յանձնառութիւնը նպատակ ունին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ բանակցային ճամբով կարգաւորում ապահովել, ինչ որ դրակա՛ն նշան էր: Իբրեւ համանախագահող երկիր՝ Միացեալ Նահանգներ կը մնայ հաւատարիմ Մինսկի խմբակի գործընթացին եւ կը շարունակէ կողմերուն կոչ ընել՝ յարգելու հրադադարը եւ ամենաբարձր մակարդակով շարունակելու բանակցութիւնները՝ քայլեր ձեռնարկելով նախկին հանդիպումներու ընթացքին ընդունուած որոշումները ամբողջութեամբ կատարելու ուղղութեամբ», ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը:
«Ուժի չկիրառման, տարածքներու վերադարձի, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի, գաղթականներու եւ տեղահանուած անձերու խնդիրները համապարփակ լուծումի մը կարեւորագոյն բաղադրիչներն են», յայտարարած է Շոֆըր՝ ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի գծով կը մնայ յստա՛կ. այն է՝ այս հակամարտութեան միակ լուծումը բանակցայի՛ն լուծումն է, որ հիմնուած է միջազգային իրաւունքի վրայ՝ հետեւելով ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան, հաւասար իրաւունքներու եւ ինքնորոշման սկզբունքներուն վրայ:
Յիշեցնենք, թէ Ժընեւի բանակցութիւններէն ետք, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները համաձայնած էին աշխուժացնել Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը ու յաւելեալ քայլերու ձեռնարկել՝ շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար: