ՇՈՒՇԻ.- Նախագահ Բակօ Սահակեանի ներկայութեամբ, Շուշիի մէջ, 10 Հոկտեմբերին բացուեցաւ նոր մանկապարտէզ մը՝ Սան Ֆրանսիսքոյի բնակիչ տէր եւ տիկին Եդուարդ եւ Վերժին Մսրլեաններու նիւթական կարեւոր աջակցութեամբ:
Նախագահ Սահակեան նախադպրոցական ցանցի ընդլայնումը Շուշիի մէջ նկատեց քաղաքի զարգացման կարեւոր գրաւականներէն մէկը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բարերար Մսրլեաններուն՝ նախագիծի իրականացման համար:
Նախագահը մեծապէս գնահատեց նման աջակցութիւնը՝ զայն նկատելով հայրենասիրութեան օրինակելի դրսեւորում:
Նշենք, որ Մսրլեանները տարիներէ ի վեր Շուշիի մէջ իրենց սեփականութիւնը հանդիսացող կալուածի մը վրայ ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցին մաս կազմող մանկապարտէզ մը կը հովանաւորէին, հոգալով անոր տարեկան ծախսերը:
Մսրլեանները տակաւին կը շարունակեն իրենց աջակցութիւնը ՀՕՄի Շուշիի մանկապարտէզին: