ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Լիբանանի երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2018ի Մայիսին: Այս ընտրութիւններուն, Լիբանանի խորհրդարանին որոշումով, առաջին անգամ ըլլալով արտասահման ապրող լիբանանցիները եւս իրաւունք պիտի ունենան քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը կատարելու՝ քուէարկելով իրենց բնակած վայրերուն մէջ:
Լիբանանի խորհրդարանական նախորդ ընտրութիններուն, Արեւմտեան Ամերիկա բնակող եւ լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունեցող հայորդիները զանգուածային կերպով ընդառաջեցին շրջանիս պատասխանատու կառոյցներու կոչին, մեկնեցան Պէյրութ եւ իրենց քուէով արտայայտեցին իրենց զօրակցութիւնը տեղւոյն հայ համայնքին:
Այժմ եւս առիթը ներկայացած է, որ շրջանիս լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունեցող հայութիւնը դարձեա՛լ իր զօրակցութիւնը յայտնէ լիբանանահայ համայնքին, այս անգամ՝ տեղւոյն վրայ մասնակցելով Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտասահմանի լիբանանցիներու նախարարութեան որոշումով, ժամկէտ ճշդուած է 20 Նոյեմբերը, երբ արտերկրի բոլոր լիբանանցի քուէարկողները պարտին ելեկտրոնային արձանագրութեանց ճամբով ապահոված ըլլալ իրենց քուէարկելու իրաւունքը: Արձանագրուելու համար պէտք է այցելել Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան կայքէջը՝ https://diasporavote.mfa.gov.lb/։
Դիւրացնելու համար արձանագրուիլ փափաքողներու աշխատանքը, մանաւանդ համակարգիչ գործածելու դժուարութիւն ունեցող տարեցներուն աջակցելու նպատակով, Լոս Անճելըսի մէջ կազմուած է «Լիբանանահայ ընտրական յանձնախումբ» մը:
Սոյն յանձնախումբը ձեռնարկած է կազմակերպական նախապատրաստական աշխատանքներու եւ որոշած է գործել շրջանէս երեք հայկական կեդրոններու՝ Կլենտէյլի, Փասատինայի եւ Էնսինոյի մէջ: Յանձնախումբը շուտով պիտի դիմէ հանրութեան՝ աւելի յստակ ցուցմունքներով, հանրութեան փոխանցելով աջակցութեան դիմելու հարկաւոր հասցէներ ու հեռաձայնի թիւեր:
Ողջունելով այս յանձնախումբին կազմութիւնը՝ կը յորդորենք լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունեցողները՝ օգտուիլ անոր ծառայութենէն: