Մեքսիքայէն ժամանած պատգամաւորներ Պլանքա Մարկարիթա Քուաթա Տոմինկես, Մարիա Քրիսթինա Թէրէզա Կարսիա Պրաւօ եւ Քարլոս Հերնանտես Միրօ այցելեցին Արցախի Հանրապետութիւն: Հայաստանի Ազգային ժողովի հանրային կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ 24 Հոկտեմբերին մեքսիքացի պատգամաւորները Հայաստանի Ազգային ժողովի փոկնախագահի Էդուարդ Շարմազանովի ուղեկցութեամբ այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ խոնարհեցին ի յիշատակ Արցախեան ազատագրական պայքարին նահատակուած հայորդիներուն:
Էդուարդ Շարմազանով եւ մեքսիքացի պատգամաւորները հիւրընկալուեցան Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ:
Հիւրերը ընդունեց Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, որ յայտնեց, թէ Արցախի Հանրապետութիւնը շահագրգռուած է բարեկամական յարաբերութիւններ ունենալով տարբեր երկիրներու հետ: «Մեզի համար շատ փափաքելի է, որ առաջին ծանօթութիւնը յետագային եւս իր շարունակութիւնը ունենայ: Կը կարծեմ, որ այս այցելութիւնը մեր յարաբերութիւններուն համար շատ լաւ սկիզբ է», ընդգծեց խորհրդարանի նախագահը:
Խօսելով Արցախի ժողովուրդի պայքարին մասին՝ Էդուարդ Շարմազանով անդրադարձաւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վարած հակահայ քարոզչութեան եւ շփման գօտիին վրայ պարբերաբար հրահրուող ռազմական գործողութիւններուն մասին:
«Արցախի ժողովուրդի պայքարը Ատրպէյճանի դէմ չէ, Արցախի ժողովուրդի պայքարը իր ազատութեան եւ խաղաղութեան համար է», շեշտեց Շարմազանով:
Պատասխանելով մեքսիքացի խորհրդարանականներու պատուիրակութեան ղեկավար Պլանքա Տոմինկեսի՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ազատութեան սահմանափակման պատճառներուն մասին հարցումին, Արցախի խորհրդարանի ղեկավարը յայտնեց, որ նաեւ խորհրդարանական կապերու միջոցով հնարաւոր է միջազգային հարթակներու վրայ ներկայացնել Արցախը եւ արգելափակել Ատրպէյճանի կողմէ տարածուող հակահայկական մտացածին քարոզչութիւնը:
«Մեր այցը շատ լաւ նախադէպ է մեքսիքացի պաշտօնեաներու յետագայ այցերուն համար եւ մենք պիտի համագործակցինք ձեզի հետ, քանի որ կը կարծենք, որ ազատութիւնն ու մարդու իրաւունքները ամէն ինչէ վեր են», նշեց Տոմինկես:
Ընդգծելով հանդիպման կարեւորութիւնը՝ մեքսիքացի պատգամաւոր Քարլոս Միրօ ըսաւ. «Շատ կարեւոր է, որ այսպիսի հանդիպումներու ընթացքին մենք ձայն բարձրացնենք եւ կոչ ընենք խաղաղութեան ու երկխօսութեան»:
Խորհրդարանի նախագահը հիւրերուն ներկայացուց այն հարցերը, որոնց Արցախ կը հանդիպի աշխարհին ներկայանալու ճանապարհին: Խօսուեցաւ նաեւ Արցախի մէջ պետականաշինութեան ընթացքին, խորհրդարանի կառուցուածքին եւ միջխորհրդարանական կապերու մասին:
Ամփոփելով հանդիպումը՝ խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Մեքսիքայի հետ այսօր ձեւաւորուող միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները այսուհետեւ աւելի պիտի խորանան: «Իւրաքանչիւր գործի սկիզբը դժուար է, բայց դուք ստանձնած էք այդ դժուարութիւնը, ուստի ընդունեցէք, որ յանձին Արցախի 150,000 բնակչութեան՝ դուք ունիք բարեկամ երկիր», ընդգծեց Աշոտ Ղուլեան:
Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Ազգային ժողովի փոխնախագահի Վահրամ Բալայեան եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆելիքս Խաչատրեան:
Խորհրդարանին մէջ նախատեսուած հանդիպումներու երկրորդ հատուածին ընթացքին Մեքսիքայի պատգամաւորներու պալատի անդամները հանդիպեցան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Ողջունելով հիւրերը՝ Վահրամ Բալայեան կարեւոր համարեց նման հանդիպումները եւ յայտնեց, որ որպէս աշխարհի հզօր երկրներէն մէկը՝ Մեքսիքան, ըմբռնումով կը մօտենայ Արցախի պայքարին եւ կ՛աջակցի, որպէսզի անիկա նոյնպէս դառնայ աշխարհի՝ իրաւական տեսանկիւնէն ընդունուած երկիրներէն մէկը:
Հանդիպման ընթացքին մեքսիքացի պատգամաւորները Արցախի խորհրդարանականներուն ներկայացուցին Արցախէն ստացած իրենց տպաւորութիւնները, այնուհետեւ խօսեցան փոխյարաբերութիւնները ընդլայնելու յետագայ քայլերուն մասին:
«Մենք տեղեակ ենք ձեր հարցերէն: Այսօր, ֆիզիքապէս ներկայ գտնուելով այստեղ՝ կը տեսնենք մեծ տարբերութիւն մեր պատկերացուցած եւ իրական Արցախի միջեւ: Այս մէկը առաւել կը պարտաւորեցնէ մեզ՝ ձեր ձայնը լսելի դարձնելու համար», ըսաւ Մարիա Քրիսթինա Պրաւօ:
Խօսելով Արցախի պատմութեան եւ մշակոյթին մասին՝ Քարլոս Միրօ կատարեց երկու երկիրներու մշակոյթներու նմանութեան իր դիտարկումը եւ զայն հիմնարար համարեց յետագայ փոխգործակցութեան համար: «Թոյլ տուէք մեզի մաս կազմելու Արցախի պատմութեան», իր խօսքը եզրափակեց մեքսիքացի պատգամաւորը:
«Մենք եւս կը փնտռենք իրական ազատութիւն եւ գիտենք, թէ ինչ կը նշանակէ պայքարիլ ազատութեան համար», ընդգծեց Պլանքա Տոմինկես:
Խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարները մեքսիքացի գործընկերներուն հետ յետագայ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեցին եւ այդ պարունակին մէջ ուղենշեցին կարգ մը ոլորտներ:
Մեքսիքացի խորհրդարանականները նոյն օրը հանդիպում ունեցան Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան Արցախի միջազգային ճանաչման առնչուող հարցեր: Մեքիսքացի խորհրդարանականները Ստեփանակերտի մէջ հանդիպեցան նաեւ նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: