ՊՈԼԻՍ.- Երբ պատրիարքական ընտրութեան հարցին վերաբերեալ անորոշ սպասումը կը շարունակուի, Երեքշաբթի, 24 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին կարեւոր տեսակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ կուսակալութեան մէջ: Այսպէս, Պոլսոյ կուսակալ Վասիփ Շահին հիւրընկալեց մեր համայնքին կողմէ պատուիրակութիւն մը: Յետմիջօրէի ժամը շուրջ 3։30ին տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որ տեւեց շուրջ 45 վայրկեան:
Պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը քննարկելու համար, կուսակալութիւն մեկնեցան Արամ արք. Աթէշեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Նախաձեռնարկ մարմինի ատենապետ Սարգիս Քիւլեկեչ: Ըստ մեր ստացած առաջին անպաշտօն տեղեկութիւններուն՝ ընդհանուր առմամբ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ տեղի ունեցան կարծիքի փոխանակումներ: Համայնքային պատուիրակութիւնը ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց, որ ցայսօր այս գործընթացէն ներս ի՛նչ քայլեր առնուած են եւ ինչ դժուարութիւններ կ՛ապրուին: Կուսակալ Վասիփ Շահին ընդգծեց, որ պատկան իշխանութիւնները կը հետեւին պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է առկայ դժուարութիւններու յաղթահարման համար իրենց նպաստը բերելու ուղղութեամբ:
Դարձեալ ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն՝ կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպման աւարտին, համայնքային պատուիրակութեան անդամները մեկնեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր մինչեւ ուշ ժամեր երկար խորհրդակցութիւն մը ունեցան Վասիփ Շահինի մօտ տեղի ունեցած տեսակցութեան լոյսին տակ:
«ԺԱՄԱՆԱԿ»