ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական «Կազեթետուվար» թերթը կը գրէ, թէ հակառակ Անգարայի ու Պերլինի միջեւ առկայ լարուածութեան, Գերմանիա կը շարունակէ զէնք վաճառել Թուրքիոյ։ Ըստ հաղորդուած լուրերուն՝ Գերմանիոյ կառավարութիւնը տեղեկութիւններ տրամադրած է Օգոստոս 1էն Հոկտեմբեր 8ի միջեւ Թուրքիոյ վաճառուած եւ 4 միլիոն եուրօ արժող զէնքերուն մասին։ Տուեալներուն համաձայն՝ վաճառուած զէնքերուն մեծ մասը կը կազմեն օդային պաշտպանութեան զինատեսակներ։ Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի, Գերմանիա Թուրքիոյ վաճառած էր մօտաւորապէս 84 միլիոն եուրօ արժողութեամբ զէնքեր։ Այս տարուան առաջին 9 ամիսներու տուեալներով՝ դէպի Թուրքիա գերմանական զէնքերու արտածումը զգալիօրէ՛ն նուազած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.