ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ զօրավար Մովսէս Յակոբեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 23էն 24 Հոկտեմբեր, Ուաշինկթըդնի մէջ կը մասնակցի «Ռազմատենչ ծայրահյղական կազմակերպութիւններու դէմ պայքար» խորագիրով համաժողովին:
24 Հոկտեմբերին, զօրավար Յակոբեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընէն պիտի մեկնի Գերմանիա՝ Եւրոպական բանակներու հրամանատարներու ամէնամեայ համաժողովին մասնակցելու նպատակով: