«Նիուզ»ը տեղեկացուց, թէ «Արաս» հրատարակչատունը Թուրքիոյ մէջ, թրքերէնով հրատարակեց հայ գրականութեան յայտնի դէմքերէն Գրիգոր Զօհրապի «Կեանքը Ինչպէս Որ Է» ժողովածուն:
«Արաս» հրատարակչութեան կայքը կը յիշեցնէ, որ Գրիգոր Զօհրապ ծնած է Պոլսոյ Պեշիկթաշ թաղամասին մէջ, 1861ին, իսկ նշեալ ժողովածուն ներկայացուցած է ընթերցողին 1911ին: Գրիգոր Զօհրապ իր ժամանակին ստացած էր բարձր կրթութիւն, հանդիսացած է բաւական լաւ իրաւաբան, գրող եւ քաղաքական գործիչ: Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ երիտթուրքերու յեղաշրջումէն ետք ան պատգամաւոր դարձած էր, սակայն այդ պարագան չօգնեց անոր Ցեղասպանութեան օրերուն: Ան 225 պոլսահայ մտաւորականներու շարքին էր, որոնք 24 Ապրիլ 1915ին նահատակուեցան: