ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբերին, ընդունեց MIT-ի ճարտարապետական եւ քաղաքային բաժանմունքներու տնօրէն Հաշիմ Սարգիսն ու քաղաքային ծրագրաւորման մասնագէտ փրոֆ. Պրենթ Ռայեանը:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ «Թումօ»ի տնօրէն Մարիլու Փափազեան եւ իր կողքին աշխատող MIT-էն շրջանաւարտ Բեկոր Փափազեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Գիւմրիի զարգացման ուղղութեամբ համագործակցութեան հեռանկարները: MIT-ի մասնագէտները յայտնեցին, որ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհետագիտութեանց կեդրոնին հրաւէրով ճանաչողական այցով ժամանած են Հայաստան՝ Գիւմրիի հնարաւորութիւններուն ծանօթանալու եւ քաղաքի զարգացումը խթանելու ուղղուած նորարարական մօտեցումներ մշակելու նպատակով:
Կարէն Կարապետեան ներկայացուց քաղաքի զարգացման իր տեսլականը՝ ընդգծելով, որ Գիւմրին ունի Հայաստանի այցեքարտերէն մէկը դառնալու համար անհրաժեշտ ներուժ, եւ նպատակային աշխատելու պարագային կարելի է փափաքելի արդիւնքի հասնիլ եւ փոխել քաղաքի տրամադրութիւնն ու մթնոլորտը: