ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայկական հասարակական երեք կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ Երեքշաբթի, 26 Սեպտեմբերին ներկայ եղան Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի նիստին, իրենց զօրակցութիւնը արտայայտելով Հայ Ամերիկեան թանգարանի եւ մշակութային կեդրոնի՝ Կլենտէյլի քաղաքամէջը նախատեսուած տարածքին վրայ կառուցման:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի մասնաճիւղին կողմէ խօսք առնելով՝ Մարկարիթա Պաղտասարեան յայտնեց, թէ «մեր քաղաքը կարիք ունի կեդրոնի մը, որ պիտի կարենայ հարստացնել մեր համայնքի գրական եւ կատարողական արուեստի կեանքը»:
Հայ իրաւանց խորհուրդի Կլենտէյլի մասնաճիւղի ներկայացուցիչ տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան իր կարգին նշեց, որ «մշակութային, կրթական եւ արուեստի այս կեդրոնին կառուցումը պիտի նպաստէ մեր համայնքի զարգացման: Թանգարանը պիտի ծառայէ Կլենտէյլը բոլորիս համար ցանկալի բնակավայր դարձնելու նպատակին»:
Իսկ Ամերիկայի հայկական խորհուրդի ներկայացուցիչ Քրիսթինէ Աղախանեան աւելցուց, որ «Հայ Ամերիկեան թանգարանը եւ մշակութային կեդրոնը Կլենտէյլը պիտի զետեղէ քարտէսին վրայ իբրեւ հանդուրժողութեան փարոս, իբրեւ վայր մը, ուր մշակութային այլազանութիւնները կը գնահատուին ու կը քաջալերուին»:
Նշենք, որ Հայ Ամերիկեան թանգարանի պատասխանատուները եւ Կլենտէյլ քաղաքի պաշտօնատարները այս ամսուան սկիզբը ձեռնարկեցին հրապարակային քննարկումի մը՝ թանգարանը կառուցելու համար Կլենտէյլի Կեդրոնական հանրային գրադարանին դիմաց գտնուող տարածքը վարձակալելու հարցին շուրջ: Այդ տարածքը առաջարկուած էր Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ, եւ թանգարանի պատասխանատուներն ու քաղաքի ղեկավարութիւնը ձեռնամուխ եղած էին ուսումնասիրելու նպատակայարմարութիւնը՝ թանգարանը քաղաքին տրամադրած միջոցներով սարքուելիք հանրային կանգառին վերեւը կառուցելու: Հայ Ամերիկեան թանգարանը ապա եզրափակած էր իր ուսումնասիրութիւնը եւ իր առաջարկը ներկայացուցած քաղաքապետական խորհուրդին՝ յայտնելով, որ Կեդրոնական հանրապարտէզին (Central Park) տարածքը հարկաւոր է՝ կառուցելու համար թանգարանն ու մշակութային կեդրոնը:
Նաեւ, 2016ի վերջերը, քաղաքը վարձեց քաղաքաշինութեան եւ ճարտարապետական մասնագիտութեամբ ընկերութիւն մը, որպէսզի պատրաստէ նախագիծը ստորգետնեայ կանգառ կառուցելու եւ հասարակական զբօսանքի ու ժամանցի այլընտրանքներ առաջարկելու Կեդրոնական գրադարանին, Տարեցներու ժամանցի կեդրոնին եւ թանգարանին յատկացուելիք տարածքին մէջ:
Հայ Ամերիկեան թանգարանը կը ծրագրէ յառաջիկայ ամիս համայնքի զաւակներուն հետ հանդիպումներ կազմակերպել, ստանալու համար անոնց կարծիքներն ու առաջարկները թանգարանին վերաբերեալ: