ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լոս Անճելըսի Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութիւնը (APS-Armenian Professional Society of Los Angeles) Նոյեմբեր 12ին, յատուկ ճաշկերոյթի մը ընթացքին պիտի պատուէ Նուպար Աֆէեանը՝ իբրեւ 2017ի «Լաւագոյն արհեստավարժը»: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Vertigo Banquet Hall-ին մէջ:
Աֆէեանի ընտրութիւնը հիմնուած է անոր գործի ասպարէզին մէջ արձանագրած բացառիկ յաջողութիւններուն եւ հայ համայնքին անոր բերած ներդրումներուն վրայ: Ան Flagship Pioneering ներդրումներ կառավարող ընկերութեան հիմնադիրն ու տնօրէնն է:
Աֆէեան նաեւ համահիմնադիրն է 100 Կեանքեր նախաձեռնութեան եւ «Օրորա» մրցանակին:
Նոյն երեկոյին ընթացքին Հայ արհեստավարժներու միութիւնը պիտի պատուէ նաեւ իր անդամներէն Սիլվիա Մինասեանը՝ անոր շնորհելով «Իրագործումներու մրցանակ»ը, որ կը տրուի համայնքէն ներս շօշափելի իրագործումներ արձանագրած միութենական անձերու: Սիլվիան արժանի նկատուած է այս մրցանակին, որովհետեւ ան վերջին քսան տարիներուն յաջողութեամբ ղեկավարած է Արփա միջազգային շարժապատկերի փառատօնը:
Ձեռնարկին ընթացքին Հայ արհեստավարժներու միութիւնը պիտի շարունակէ գործադրել իր ամէնամեայ աւանդութիւնը՝ կր-թաթոշակներ յանձնելու բարձրագոյն ուսաման հետեւող արժանաւորներու։
APS-ի ղեկավար մարմինը՝ վարչութիւնը, կը բաղկանայ վեց անդամներէ՝ Ալեքս Մարտինեան, Սերլի Փոլատօղլու, Օլիվիա Ժամկոչեան, Արմէն Յարութիւնեան, Ներսէս Ափոխեան եւ Փաթրիք Թանահան: Կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1958ին՝ նպատակ ունենալով քաջալեր հանդիսանալ հայերու յառաջդիմութեան եւ կրթութեան:
Տոմսերը ապահովելու եւ յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.apsla.org կայքը։