ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Շաբաթ, 23 Սեպտեմբերին, Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանեան Սփիւռքի կազմակերպման եւ անոր ուժականութիւնը յօգուտ Լիբանանի զօրաշարժի ենթարկելու նպատակով Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքային հաւաքը, որուն կը մասնակցէր Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ճպրան Պասսիլ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէ եւ Գանատայէն եկած լիբանանեան սփիւռքի անդամներու այս հաւաքին յատուկ հրաւէրով ներկայ եղաւ նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան:
Հաւաքի ծիրէն ներս, Տարօն Տէր Խաչատուրեան մտքերու փոխանակում ունեցաւ նախարար Պասսիլի հետ՝ գլխաւորաբար Լիբանանի դէմ ծառացած մարտահրաւէրներու, ՀՅԴի Լիբանանեան կեանքին մէջ կարեւոր դերակատարութեան եւ ներդրումին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ Մայիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ:
Նկարին մէջ ձախէն աջ՝ դեսպան Ճոնի Իպրահիմ, Տարօն Տէր Խաչատուրեան, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ճպրան Պասսիլ եւ դեսպան Կապրիէլ Իսա: