15-17 Սեպտեմբերին, Այնճարի մէջ տարբեր նախաձեռնութիւններով նշուեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 102ամեակը:
Կիրակի, 17 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ անդրադարձաւ Խաչվերացին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի տարեդարձին՝ զոյգ առիթները նկատելով կարեւոր, անկիւնադարձային եւ օրինակելի մեր ժողովուրդին համար:
Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ Քրիստոսի խաչափայտին համար մղուած պատերազմին՝ զայն վերադարձնելու համար գերութենէ, պատերազմը, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ հայկական այրուձին: Գերութենէ վերադարձին խաչափայտը ժողովրդային տարողութեամբ դիմաւորուած է նաեւ Հայաստանի մէջ, եւ Խաչվերացի տօնը խաչին եւ խաչեալին հաւատարմութեան տօնն է, որ կը հզօրացնէ հաւատացեալները աստուածային հաւատքով:
Պատարագի աւարտին ներկաները ուղղուեցան դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիր, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ապա կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւնը:
Շաբաթ, 16 Սեպտեմբերի երեկոյեան, հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը՝ հետեւելով ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ դէպի Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 102ամեակի ժողովրդային տօնախմբութիւնը՝ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով՝ կատարողութեամբ ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբին, ապա օրուան հանդիսավար Կրէյս Գալուստեան բեմ հրաւիրեց Մարինէ Գարայեանը՝ արտասանելու բացման խօսքը:
Մարինէ Գարայեան նախ բազմութիւնը հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներուն եւ վերջին շրջանին ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին ընթացքին լիբանանեան բանակի տուած նահատակներուն, ապա ըսաւ, որ մեզ մէկտեղողը, ամէն տարուան պէս, դարձեալ Մուսա լերան ոգին է եւ Մուսա լերան նահատակներուն մղած հերոսամարտի սխրանքը:
Ապա Համազգայինի «Քնար» պարախումբը ներկայացուց ազգագրական պար մը:
Օրուան պատգամախօս Յակոբ Հանտեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ ժամանակը թէեւ շատ բաներ փոխած է, սակայն թշնամին կը մնայ նոյնը: Թուրքը թուրք է, չի փոխուիր: Ան տակաւին կը պայքարի իր համաթուրանական երազներուն հասնելու: «Այս դարուս պէտք է արթուն ըլլալ, որովհետեւ համաշխարհայնացման ալիքը կը սպառնայ բոլոր ազգերու զաւակներուն՝ հեռացնելով զանոնք իրենց ազգային արմատներէն, սովորութիւններէն եւ աւանդութիւններէն», դիտել տուաւ ան: Յակոբ Հանտեան վեր առաւ Մուսա լերան ժողովուրդի սխրանքին կարեւորութիւնը՝ 1915 թուականին ինչ որ իրագործուեցաւ ժողովուրդի քաջութեան, միասնականութեան եւ առողջ բնազդին գոյութեամբ:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ ըսաւ. «Նոյնիսկ 100 տարի ետք եւ որքան ալ որ տարիները անցնին, Մուսա լերան հերոսամարտի յիշատակը վառ կը մնայ իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ՝ միշտ յիշելով անոր խորհուրդը ու նահատակներուն զոհողութիւնն ու սխրագործութիւնները»:
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Համազգայինի տհոլահարներու համոյթը եւ Լալէ Զէյթլեան:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ բարձր տրամադրութիւններով ու հայաշունչ մթնոլորտի մը մէջ. ելոյթ ունեցան հայրենասիրական եւ ժողովրդային երգերու մեկնաբան հայրենի երգիչ՝ Սեւակ Ամրոյեան եւ աշուղական երգերու մեկնաբան Գարմէն Աճէմեան:
Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ Մուսա լերան աւանդական թմբուկ զուռնայով եւ շուրջպարով՝ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:
Ուրբաթ, 15 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը 2017ի Այնճարի փառատօներուն՝ հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ կազմակերպութեամբ Այնճարի բարգաւաճման միութեան:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, երեսփոխաններ, պատկան մարմիններու եւ քաղաքապետական, դատական, թէ ապահովական կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքը արաբերէնով արտասանեց Մարի Մարաշլեան, որ նախ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու լիբանանեան բանակի նահատակներուն յիշատակը, ապա ան ըսաւ, որ այս տարուան փառատօնին մենք կը տեսնենք անցեալը իր աւանդութիւններով ու ներկան իրեն հետ բերած նորութիւններով:
Ապա ան հրաւիրեց Այնճարի բարգաւաճման միութեան տնօրէն Ճորճ Փուչիկեանը, որ նշեց, թէ այս փառատօնին բացումը կը զուգադիպի Մուսա լերան հերոսամարտի 102ամեակի տօնակատարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Խաչվերացի տօնին, որ ամէն տարի տօնական շուքով կը նշուի Այնճարի մէջ:
Ապա ելոյթ ունեցաւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ ըսաւ, թէ Այնճարի մէջ ան կը զգայ մտերիմ: Անիկա ըլլալով Պեքաայի միակ հայաշունչ գիւղը, կապ կը պահէ Պեքաայի քաղաքապետութիւններուն եւ տարբեր ներկայացուցիչներու հետ:
Հանդիսութեան աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան գիւղին աւանդական ուտեստեղէնով եւ շրջեցան հրապարակը տեղադրուած կրպակները:
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽի «Աղթամար» մասնաճիւղին, Ուրբաթ, 15 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 102ամեակին նուիրուած տոհմիկ երեկոյ՝ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ բազմաթիւ հայորդիներու:
ԼՕԽի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Ռոզիկ Պաքքալեան։ Ապա խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ ընդգծեց կնոջ կարեւորութիւնը մեր կեանքի մէջ՝ նկատի առնելով, որ ԼՕԽը յանձնախումբեր կը ստեղծէ, եւ այդ յանձնախումբերուն ընդմէջէն ժողովուրդին օգտակար կ՛ըլլայ՝ մայրութիւն ընելով հասարակութեան եւ օժանդակութեան կարիք ունեցող ընտանիքներուն:
Երեկոն հանդիսավարեց Յակոբ Այնթապլեան։
Երեկոն շարունակուեցաւ աւանդական ճոխ մթնոլորտի մէջ, Մուսա լերան թմբուկ-զուռնայով, որուն ժողովուրդը մասնակցեցաւ ազգագրական պարերով՝ խանդավառութիւնը հասցնելով իր գագաթնակէտին: