Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, Հինգշաբթի, 14 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 102ամեակի ձեռնարկներու առաջին նախաձեռնութիւնը՝ վերաբացումը «Ռուբէն Նագեան» գեղարուեստի ակադեմիոյ:
Մասնաճիւղի վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Նաթալի Քենտիրճեան, որ մեծ գոհունակութիւն յայտնեց ակադեմիոյ վերաբացման առիթով՝ ըսելով, որ կառոյցին հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ նոր սերունդի տաղանդները յայտնաբերել: Ան աւելցուց. «Յանձնախումբին ծրագիրը այս տարուան համար, շաբաթական դասերուն կողքին, պիտի ընդգրկէ արտադպրոցական աշխատանքներ, պատերու վրայ աշխատանքներ եւ այլ հետաքրքրական ձեռնարկներ ու ցուցահանդէս»:
Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետութեան եւ «Ռուբէն Նագեան» ակադեմիոյ հիմնադիրներուն՝ տեղեկացնելով, որ ակադեմիոյ դասատուն պիտի ըլլայ Մարալ Թնգրեան:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Վազգէն Գալօշեանը, որ յուշանուէրներով գնահատեց ակադեմիոյ հիմնադիրներէն Յովհաննէս Խօշեանը, Րաֆֆի Անտոնեանը եւ Պօղոս Թասլաքեանը, ինչպէս նաեւ բացականեր Կարպիս Քենտիրճեանը, Վահէ Տիւքենճեանը եւ Թալին Սթամպուլեանը:
Խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ Պարոյր Սեւակի խօսքերէն մէկը մէջբերելով ըսաւ. «Ինչքան էլ ծանր է մանուկ թաղելը, մանուկ պահելը ծանր է աւելի»: Ան շարունակեց. «Մեր երեխաները ճիշդ ուղիին վրայ դնելու առաջին քայլը կը սկսի այստեղէն: Հո՛ս է, որ մեր երեխաները կը սորվին զանազանել բարին չարէն: Հո՛ս է, որ անոնց ճաշակին մէջ պիտի ամրանայ բարիի եւ գեղեցիկի սկզբունքը, որպէսզի չարին յաղթենք գեղեցիկին ճամբով»: