ԼԻԶԱ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Յաճախ այցելէ՛ ծնողքդ իրենց ծերութեան ընթացքին, այնքան ատեն որ կարելիութիւնը կա՛յ, քանի որ անոնց յարգը լիուլի պիտի գիտնաս՝ անոնց մահէն ետք։ Վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւններով փաստուած է, որ ծնողներուն մեր այցելութիւններով եւ անոնց հետ ժամանակ անցընելով, զրուցելով ու վերյիշելով յիշատակները՝ կ՛երկարենք անոնց կեանքերը եւ կը նպաստենք կանխարգիլելու կարգ մը մտային հիւանդութիւններ, մանաւանդ՝ Ալզհէիմերը, անկախ անկէ, որ անսահման ուրախութեան պահեր պարգեւած կ՛ըլլանք անոնց։
Կարօտը՝ ծնողքիս, դարձեալ ստիպեց ինծի բռնելու Լոս Անճելըսէն դէպի Պէյրութ՝ սիրելի ծննդավայրիս, ճամբան։ Կարիքը ունէի անգամ մը եւս ժամանակ անցընելու տարիքները յառաջացող ծնողքիս հետ։ Օդանաւ նստելու վախը նոյնիսկ կը սկսի փարատելու զաւակի պարտականութեան գիտակից եւ պարտաւորութեան տէր անձերուն մօտ։ Ուրեմն, այս ամառ այցելեցի ծնողքիս եւ 23 հաճելի օրեր անցուցի զաւակներուս հետ միասին, մեր Պուրճ Համուտի պապենական տունէն ներս։ Անսահման երանութեան պահեր կ՛ապրէինք մեր տաքուկ (բառին բո՛ւն իմաստով, Պէյրութի տաք օդին համար ալ է ակնարկութիւնս) բոյնին մէջ։ Զաւակներս, որոնք երկու տարի առաջ ալ այցելած էին ծննդավայրս, սիրահարած էին հայկական գաղութին, ազգականներուս գրկաբաց ընդունելութեան, դրացիներուն ու բարեկամներուն անկեղծ վերաբերմունքին եւ գեղեցիկ Լիբանանին՝ իր Միջերկրական ծովուն տաք ջուրով եւ գիւղերուն կազդուրիչ օդով։
Այս անգամ ալ երախտապարտութեամբ լեցուն հոգիով ձգեցինք մեր սիրելի Լիբանանը՝ շուտով վերադառնալու երազով։ Ա՜խ, միայն թէ այս օդանաւ նստելու վախը չըլլար…
Հոս կ՛արժէ նշել, որ համեմատաբար յարմար սակով տոմսակ գնած ըլլալով՝ մեր վերադարձը երկու տեղ դադարով էր, եւ երբ Լիբանանէն ուշացումով նստանք օդանաւ, սկսանք մտահոգուելու, թէ կարելիութիւնը կար յաջորդ թռիչքը փախցնելու, եւ ահա՛ մեր կասկածը իրականացաւ… Առաջին դադարին՝ Պելկրատի մէջ, Միացեալ Նահանգներ ճամբորդողներու պզտիկ խումբը առաջնորդեցին յատուկ անձնակազմի գրասենեակ, ուր այլ թռիչքներու կարգադրութիւն մը պիտի ընէին մեզի համար, նկատի ունենալով, որ ուշ պիտի հասնէինք Հռոմի մեր յաջորդ թռիչքին։
Խումբին մէջ կար պաղեստինցի երիտասարդուհի մը, որ համալսարանական էր եւ անպայմա՛ն պէտք էր յաջորդ օրն իսկ հասնէր Լոս Անճելըս, ինչպէս նաեւ մե՛նք։ Սկսայ աղջկան հետ զրուցելու, մինչեւ որ մեր թռիչքները ապահովէին։ Զրոյցի նիւթը օդակայանի պատկան մարմինի պաշտօնեան էր, որ մեզ կ՛առաջնորդէր դէպի տարբեր գրասենեակներ եւ կը խուսափէր յստակ տեղեկութիւններ տալէ, թէ ի՛նչ թռիչքով պիտի ճամբորդէինք, եւ մեր բոլոր հարցումներուն մէ՛կ պատասխան ունէր միայն՝ «Ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ»։ Պաղեստինցի ուղեկիցիս հետ սկսանք տարբերութիւններ գծելու Ամերիկայի փափկանկատ պաշտօնեաներու եւ սովետական դրոշմը տակաւին կրող սերպ պաշտօնեային միջեւ։ Պաղեստինցին, որ առաջին անգամ ըլլալով պսակի մը առիթով այցելած էր Լիբանան, հիացմունքով կը խօսէր լիբանանեան ապրելակերպին եւ զեխ ու ուրախ կենցաղին մասին. ես ալ, իմ կարգիս յայտնեցի այցելութեանս առիթը եւ ըսի, որ լաւագոյն պտոյտներէս մէկն էր այս։ Եւ ահա՛ չսպասուածը… Տոմսակներու գրասենեակի պաշտօնեան մեզ տեղեկացուց, որ արդէն ճարած է մեր տոմսերը. պաղեստինցին պիտի ճամբորդէր «Ամերիքըն Էրլայնզ»ով, իսկ մեզի վիճակուած էր… «Թըրքիշ Էրլայնզ»ը։
Մե՛նք, որ թրքական ապրանքի չենք մօտենար, մե՛նք, որ դեռ նոր ներկայ գտնուած էինք Պուրճ Համուտի մէջ Լիզպոնի Հինգին զգայացունց հոգեհանգիստին եւ Այնճարի մէջ տեղի ունեցած ու անոնց նուիրուած յուշ-երեկոյին, մե՛նք, որ Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ, պատերուն վրայ՝ «Ո՛չ թրքականին» որմազդները կարդացինք ամէն օր, ստիպուած էինք մեր կեանքերը յանձնելու թուրքերուն… Եւ ահա՛, հազիւ սթափած եւ ինքզինքս գտած՝ պատրաստուած էի պաշտօնեանին հետ խօսելու, երբ պաղեստինցի ուղեկից երիտասարդուհին ըսաւ. «Երանի՜ ձեզի, շատ լաւ ընկերութիւն է «Թըրքիշ Էրլայնզ»ը»։
Ճի՛շդ հոն, հայու ոգին թափ առաւ, եւ ես սկսայ՝ մէկը միւսին ետեւէն, երիտասարդուհին տեղեկացնելու մեր ժողովուրդի պատմութիւնը, յիշելով ջարդը եւ նմանութեան եզր գծելով պաղեստինցիներուն ու մեր պայքարներուն միջեւ, այնպիսի հանգստացած սրտով, թէ՝ դաստիարակեցի օտար մը եւ զայն ծանօթացուցի մեր Դատին, եւ այս բոլորը՝ քանի մը կարճ վայրկեաններու ընդմէջէն։ Ապա դառնալով պաշտօնեային՝ տեղեկացուցի, որ մենք «Թըրքիշ Էրլայնզ»ով չե՛նք ճամբորդեր, եւ եթէ կարելի էր՝ ուրիշ թռիչք թող ապահովէր մեզի համար։ Ան ալ քաղաքավարօրէն հարց տուաւ, որ արդեօք գէշ փորձառութի՞ւն մը ունեցած ենք նախապէս այդ ընկերութեան հետ… Ահա՛ հոն ալ դաստիարակչական դասախօսութիւն մը տուի՝ շեշտելով. «Այո՛, մէկուկէս միլիոն հայ սպաննած են 1915ին…», մինչ աղջիկս, ամուսնոյս հեռաձայնելով՝ կը տեղեկացնէր «գոյժը» եւ անոր կարծիքը կը հայցէր…։ Պաշտօնեան, որ բնաւ չէր լսած մեր Ցեղասպանութեան եւ մեր Դատին մասին, ներողամտօրէն՝ «Կը ցաւիմ ձեզի համար» ըսաւ եւ յայտնեց, որ եթէ այդ թռիչքը փախցնէինք, ապա յաջորդ օրը երեկոյեան այլ թռիչք մը կրնայինք առնել…։
Ա՛ռ քեզի դժուար վիճակ մը…
Մտաբերեցի անցեալին, երբ յաճախ ծնողքիս կամ ինծի տոմս ապահովելու համար հեռաձայնած կ՛ըլլայի տոմսավաճառին, որ առաջին անգամ «Թըրքիշ Էրլայնզ»ը առաջարկած էր ինծի՝ սակը յարմար ըլլալուն համար, եւ ստացած էր յարմար պատասխանս, թէ մենք այդ ընկերութիւնը չենք քաջալերեր, եւ այլեւս տարիներու ընթացքին, հազիւ թէ անունս տայի՝ ան գիտէր, որ թրքականը չէր կրնար առաջարկել մեզի. հիմա այս վիճակին մատնուելով՝ պիտի ստիպուէի մեր երեքին կեանքերը թուրքերուն յանձնելու, ե՛ւ Պոլիս ոտք կոխելու, ե՛ւ թրքականով ալ Լոս Անճելըս վերադառնալու…։ Մեզի համար մեծ հարց մըն էր այս մէկը, բայց ուրիշ ճար չկար… Լոս Անճելըս պէտք էր վերադառնայինք ամէնէն կարճ ժամանակի մէջ, ուրեմն, տարիներու երկար մերժումէ ետք, բարի ոչխարներու նման բարձրացանք օդանաւ, որ թուրքերով լեցուն էր անշուշտ, լսեցինք ուղեկցորդին՝ «Խոշ կելտիք»ը եւ 13 ու կէս ժամ թռիչքը անձկութեամբ անցընելով՝ բարեբախտաբար ողջ-առողջ հասանք մեր տունը…
Ի՜նչ դժուար է՝ տունէն հեռու, երկրագունդին մէջտեղը, ստիպուած ըլլալ կէս դարու կեանք ունեցող սկզբունքիդ դէմ որոշում տալ եւ գործել։ Անձկութեամբ իջանք թուրքերով շրջապատուած Պոլսոյ ընդարձակ օդակայանը, ուր մեր արագ քայլերուն հետ մեր սիրտերն ալ արագօրէն կը բաբախէին… Ամերիկա ճամբորդողներուն համար յատուկ քննութեան ենթարկուողներու շարքին մէջն էինք, ուր առաջին անգամ ըլլալով յաւելեալ մանրակրկիտ քննութենէ անցուցին աղջկաս լուսանկարչական մեքենան եւ ձեռքի համակարգիչը, նաեւ մարմինի խուզարկութիւն ալ ըրին, եւ հո՛ն փաստեցինք, որ մեր անցագիրներէն մեր ինքնութիւնը իմանալով՝ այսպիսի քննութեան ձեռնարկած էին…
Եթէ կար կէտ մը, որ մխիթարական եւ մեղմացուցիչ էր, ապա այն իրողութիւնն էր, որ օդաչուն, որուն յանձնած էինք մեր կեանքերը, թուրք չէ՛ր, այլ՝ եւրոպացի մը… Հիմա, ասիկա դաւաճանութիւն է թէ ոչ՝ ձեզի կը մնայ դատելը… Բայց եւ անյպէս, արդեօք մեր յանցանքը կը մեղմանա՞յ՝ նկատի առած, թէ նախ զաւակի պարտականութիւնս կատարելու համար էր որ այս պտոյտը ըրած էի, ապա նաեւ՝ գոնէ քանի մը օտարներու ծանօթացուցի մեր Դատը եւ տեղեկացուցի մեր Ցեղասպանութեան մասին…
Մեծ հաճոյքով կարդացիմտորգումներդ: «Թրքիշ էր լայնզ» ով ճամբորդելդ ալ լաւ առիթ հանդիսացած է հայ դատին նպաստող դասախօսութեանդ. կը մնայ պրկուած ճամբորդութիւնդ, որ անցեալին կը պատկանի :Գալով մեղքի զգացումիդ, այնքան լաւ հայեցի դաստիարակութիւն տուած ես զաւակներուդ և նաև որպէս հայերէնի ուսուցչուհի աշակերտներուդ, որ միայն գնահատանքի և քաջալերանքի արժանի ես
և, վարձքդ կատար սիրելի Լիզա:
Շատ շնորհակալ եմ սիրելի Զարուկ:
Շատ շնորհակալ եմ սիրելի Զարուկ: