ԹՈՐԳՈՄ Ծ. ՎՐԴ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Հայ ազգին մօտ ազգութիւնն ու կրօնքը իրարմէ անքակտելի արժէքներ են: Հայութիւնն ու քրիստոնէութիւնը, ի մասնաւորի 4րդ դարէն ասդին, այնպիսի մակարդակով մը կապուած են իրարու, որ անբաժանելի միութիւն մը կազմած են՝ դուրս գալով իրարմէ անկախ տարրեր ըլլալու հանգամանքէն:
Հայաստան աշխարհին մէջ, Ս. Թադէոս ու Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներով սերմանուած խաչեալ եւ յարուցեալ Քրիստոսի կրօնքին հունտը իր լիարժէք տեղը գտաւ մեր հայրենիքին մէջ, ծլարձակեցաւ, փթթեցաւ, ծաղկեցաւ, հասակ առաւ ու խոր արմատներ նետեց: Իսկ նահատակներու արեան հեղումն ու սրբոց թափած արցունքը պարարտացուցիչը դարձան Քրիստոսի ծառին, որ աւելի՛ բարձրացաւ, ճիւղաւորուեցաւ, տարածուեցաւ, ու հայ ժողովուրդը, մեծով ու փոքրով, ծունկի եկաւ այս ոգեղէն ծառին առջեւ, գոհունակութեամբ ճաշակեց պատկառելի ծառի քրիստոնէութիւն անուն հրաշագործ պտուղէն, որ փաստօրէն վերածննդեան առաջնորդեց ամբողջ ժողովուրդ մը, ապահովելով ազգի գոյատեւումն ու յաւերժութիւնը, երաշխաւորելով ինքնութիւն, մշակոյթ, գիր ու դպրութիւն:
Սերունդներ ա՛յս խորհուրդով դաստիարակուեցան, այր եւ կին իրարու միանալով ընտանիք կազմեցին, երէցներ իրենց աչքերը խաղաղութեամբ փակեցին, արքաներ եւ ղեկավարներ օրէնքներ սահմանեցին, զինուորներ արիաբար պատերազմի դաշտ իջան. մինչեւ իսկ ազգը կրակէ անցաւ՝ ճիշդ Իրեն պէս՝ քալելով Խաչի ճամբայէն. պատմական այս ճանապարհորդութեան շնորհիւ մենք աճեցանք, վեհացանք, բիւրեղացանք, աւելի՛ հայացանք, ՀԱՅԱՑԱ՛ՆՔ։
Այսօր, 2017 թուական: Մենք տակաւի՛ն կը պարծենանք մեր նոյն հաւատքով, կը խօսինք մեր նախնեաց հաւատքի աննկուն ուժին, հոգեւոր հարուստ գրականութեան, սրբոց եզակի ներդրումին, նահատակներու կամաւոր ողջակիզման, մշակութային շարժուն թէ անշարժ, ե՛ւ նիւթեղէն, ե՛ւ ոգեղէն հարստութեանց մասին. եւ… արդար է մեր պարծանքը, որովհետեւ բացարձակ ճշմարտութիւն են ցոյց տրուած նշումները, որոնք ըստ էութեան՝ լոկ մաս մըն են հայոց հին հաւատքի կեանք-առաքելութեան յաղթական ու լուսաւոր շղթայէն:
Անցնող դարերուն, մենք ազգովին Քրիստոսի անունին տուինք մեր ամբողջ ունեցածը: Եթէ Դաւիթ մարգարէն էինք՝ մեր ոսկիները գործածեցինք Աստուծոյ տաճարին շինութեան. եթէ այրի կինն էինք՝ մեր լուման ձգեցինք Քրիստոսի տաճարի գանձանակին մէջ: Ինչ որ ունէինք՝ տուինք Իրեն: Մեր ամէն ինչը տուինք Իրեն: Մեր եսն ու մենքը տուինք Իրեն: Իսկ արդիւնքը՝ մենք կանք, քիչ ենք, բայց ներկայ ենք, գոյութիւն ունինք: Իրմով եւ Իր բերած կրօնքով մենք տեղ ունինք աշխարհին վրայ, ձայն ունինք, ըսելիք ունինք, ընելիք ունինք. այս բոլորը՝ որովհետեւ խաչեալ եւ յարուցեալ Քրիստոսը ունինք:
Այս օրերուն, կը պատրաստուինք նշելու Քրիստոսի Խաչի Վերացման տօնը, որ եկեղեցւոյս հինգ տաղաւարներու շարքին՝ վերջինն է, եւ ամէն տարի կը պանծացուի Սեպտեմբեր 11էն 17ի միջեւ զուգադիպող Կիրակի օրը: Համաքրիստոնէական արժէք ունեցող այս տօնը կը մարմնաւորէ Խաչին ու Խաչեալին նկատմամբ հայոց անքակտելի կապուածութիւնը, յարգանքն ու պարծանքը:
610 թուականին, պարսիկներու Խոսրով թագաւորը մեծ զօրքով մը կը յարձակի բիւզանդական կայսրութեան վրայ եւ չորս տարի ետք կը մտնէ Երուսաղէմ. կը ջարդէ քրիստոնեաներ ու Ս. Յարութեան տաճարէն գերի կը վերցնէ ի պահ դրուած Աստուածընկալ Ս. Խաչը: 628 թուականին, բիւզանդական զօրքերը, Հերակլ կայսեր գլխաւորութեամբ, Խաչափայտը գերութենէ ազատելու եւ իր վայրը վերադարձնելու միտումով կը պատերազմին պարսիկներուն դէմ. մարտին իր օժանդակութիւնը կը բերէ հայկական զօրախումբը, գլխաւորութեամբ Մժեժ Գնունիի:
Պարտերազմը կը շահին քրիստոնեաները. Ս. Խաչը հանդիսաւոր թափօրով կ՛անցնի հայոց Կարին քաղաքէն, ապա Պոլիսէն եւ հուսկ կը տեղափոխուի Երուսաղէմ: Պատմական Հայաստանի մէջ Ս. Խաչին բարձրացումը հրաշքներու առիթ կը հանդիսանայ, կը կառուցուի Խաչավանքի եկեղեցին, ու ժողովուրդին մօտ ցնծութիւնն ու պարծանքը այնուհետեւ սերունդէ սերունդ անմար կը մնայ:
Որպէս խորհրդանիշ՝ մեր պապերէն ժառանգ հասած նոյն պարծանքը անմար պահելու անժամանցելի ուխտ մը ունինք Խաչվերացի տօնին առիթով, սիրելի՛ Հայ-Քրիստոնեայ, դուն քեզի՛ յիշեցուր, որ քեզի համար՝ հայուդ համար, հայութիւն եւ քրիստոնէութիւն այնպէ՛ս մը ագուցուած են իրարու, որ դարձած են իրարմէ անբաժան մէ՛կ սրբութիւն, բաղկացուցիչ երկու արժէքներ, բայց մէ՛կ բնութիւն:
ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՐԷՆ ԱՒԱՆԴՈՒԱԾ ՀԱՅ-ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԿՏԱԿԸ ՔՈՒ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՐԾԱ՛ՆՔԴ Է ԱՅՍՕՐ ԵՒ ՄԻՇՏ:
This article is an insult to Armenians that know their history and are aware of the historical deceitful corroboration of the church with the invaders like the Arabs, Memlouks and Seljouks against Armenian national interests. Of course, the treason by the church (selling off the nation to the invaders) was driven by its desire to preserve its authority and properties over the Armenian nation. A non-Armenian entity (a Jewish) Arakelagan church gives itself the right and the authority to decide who can be considered an Armenian. Based on Torkom’s argument, if you are not Christian you are not Armenian, so, Atheists, Agnostics, Buddhists, Hindus, Hamshen Armenians and others that do consider themselves Armenian, some of whom are active in Armenian political and cultural organizations need not to be considered Armenians. It’s a historical fact that our nation existed way before the Arakelagan church was established on Armenian lands. Also, it’s a historical fact our history as Armenian nation goes back thousands of years, taking this fact into consideration, and our numbers ten million world-wide, does not add up. Throughout history, the Arakelagan church removed from our history pages those Armenian nations that do not adhere to Arakelagan church. Thousands and thousands of Armenians who practiced different forms of religions, were persecuted by the church and were shunned from the pages of our National History. Fortunately, today we live in an era where honest scholars and historians can tell the truth about our history without the fear of persecution from the Arakelagan church.