ՊԸՐՊԵՆՔ.- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9ի առաւօտեան ժամը 10ին, Պըրպենքի «Պեշիր Մարտիրոսեան» Երիտասարդական կեդրոնը արտասովոր ուրախ եռուզեռի մը մէջ էր: Բազմաթիւ ծնողներ փութացած էին կեդրոն՝ արձանագրելու իրենց զաւակները շրջանի ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարան, որուն բացման անհամբերութեամբ կը սպասէին: Հոն էին մասնաճիւղի վարչութեան ու վարժարանի կրթական յանձնախումբի ներկայացուցիչները եւ ուսուցչուհիները՝ պատրաստ ողջունելու եւ ծանօթանալու ծնողներուն եւ հին ու նոր աշակերտներուն:
Վարժարան ներկայացող ծնողները մեծ հետաքրքրութեամբ ծանօթացան տարեկան ուսումնական ծրագիրներուն եւ բարեմաղթանքներով յանձնեցին իրենց զաւակները վարժարանին:
«Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է տեսնել ծնողներ, որոնք մեծ վստահութիւն կը ցուցաբերեն՝ իրենց զաւակներու մայրենի լեզուի ուսուցումը յանձնելով մեր վարժարանին: Ուրախ ենք, որ երկրորդ տարին ըլլալով, մեծ ոգեւորութեամբ սկիզբ կ՛առնեն մեր վարժարանի հայերէնի դասընթացքները՝ մեծապէս ոգեւորելով մեզ եւ մեր աշակերտները: ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի վարչութիւնը ճիգ պիտի չխնայէ հայկական ոգին ու հայրենասիրութիւնը արմատաւորելու՝ մեր խնամքին յանձնուած փոքրիկներուն մէջ», մեծ ոգեւորութեամբ արտայայտուեցաւ «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամներէն Մանուշ Քէօշկէրեան:
Վարժարանի առաջին օրն ըլլալով, աշակերտները նախ ծանօթացան իրարու, պատմեցին իրենց ամառնային արձակուրդին մասին, վերաքաղ մը կատարեցին նախորդ տարուան իրենց սորվածներուն, խմբային խաղեր խաղացին, ապա ծանօթացան տարուան ծրագիրներուն:
Վարժարանը ունի տարիքային երկու բաժանումներ: Փոքրերու բաժինը այս տարի եւս վստահուած է Անի Բաբիսեանին, իսկ մեծերունը՝ Փառքուհի Խաչիկեանին: Երկու վաստակաշատ ուսուցչուհիներն ալ պատրաստ են սրտանց կատարելու իրենց ազգային մշակի պարտականութիւնը, որուն փորձառութիւնը երկար տարիներէ ի վեր ունին արդէն: Այս տարի, ուրախ ենք տեղեկացնելու, որ Վանա Եահնիեանը, իբրեւ օգնական մնայուն ուսուչուհի՝ օգտակար պիտի հանդիսանայ վարժարանին: Եահնիեան Անգլերէն գրականութեան մէջ պսակաւոր գիտութեան իր վկայականը ստացած է UCLA համալսարանէն, իսկ մագիստրոսի տիտղոսը՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Նահանգային համալսարանէն, մասնագիտանալով Անգլերէնի ուսուցումը այլ լեզուներ խօսողներու (TESOL, Teaching English to Speakers of Other Languages) ճիւղին մէջ։ Ներկայիս, ան կը պաշտօնավարէ Սանթա Մոնիքայի քոլեճին մէջ եւ շատ կը սիրէ նորութիւններ սորվեցնել փոքրիկներուն:
Յիշեցնենք, որ վարժարանը սիրով նոր աշակերտներ կ՛ընդունի նաեւ տարուան ընթացքին: Դասաւանդութիւնները տեղի կ՛ունենան Շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 1, Պըրպենքի «Պեշիր Մարտիրոսեան» Երիտասարդական կեդրոնէն ներս (75 E. Anita Ave., Burbank, CA 91502):
ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար, հաճեցէք հեռաձայնել (818) 512-2203 թիւին, կամ դիմել ars.araz@yahoo.com հասցէին: