ՊԸՐՊԵՆՔ.- Սեպտեմբեր 6-10ին կայանալիք Պըրպենքի ֆիլմի միջազգային փառաօտնին ընթացքին ցուցադրուող ֆիլմերէն մէկը պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Անապատի Ագռաւներ» («Crows of the Desert») վաւերագրական ֆիլմը:
Փօլ Թրբանճեանի արտադրած սոյն ֆիլմը հիմնուած է Ցեղասպանութենէն վերապրած Լեւոն Եօթնաղբարեանի յուշերուն վրայ. անիկա կը պատմէ այլ վերապրողներ փրկելու Լեւոնի առկածախնդրութիւններուն մասին: Ֆիլմը հիմնուած է նոյնանուն հատորին վրայ, որ լոյս տեսած էր 2012ին, Եօթնաղբարեանի թոռան՝ Լեւոն Բարեանի խմբագրութեամբ:
«Անապատի Ագռաւներ»ը (http://crowsofthedesert.com/) պիտի ցուցադրուի Կիրակի, Սեպտեմբեր 10ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Պըրպենքի «AMC 16» շարժապատկերի սրահներէն թիւ 11ին մէջ։
Տեղեր ապահովելու համար, այցելել http://www.itsmyseat.com/BIFF կայքը։