ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնած է, թէ աշխարհի ղեկավարներէն մէկը ըլլալը՝ շատերու պատկերացուցածին չափ նախանձելի բան մը չէ, յատկապէս երբ՝ «ե՛ս եմ, որ ստիպուած եմ 10 օր անգամ մը խօսելու Էրտողանի հետ»:
Այս ոչ դիւանագիտական հաստատումին պատասխանել փորձելով՝ Էրտողան ըսած է, թէ բացասական ոչինչ կը տեսնէ անոր մէջ, այլ՝ «ընդհակառակը, կը կարծեմ, որ Թուրքիոյ նախագահին հետ հեռաձայնային զրոյց ունենալը անոնց համար մեծ կարեւորութիւն ունի»…
Նշենք, որ վերջերս Մաքրոն պարտադրուած էր Էրտողանի հետ քանի մը անգամ զրուցելու, պահանջելու համար Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած ֆրանսացի լրագրող Լուփ Պիւրոյի ազատ արձակումը։