ՊԸՐՊԷՆՔ.- ՀՅԴ Պըրպէնքի «Աղբալեան» Կոմիտութեան դիւանէն ստացած ենք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Պըրպէնքի «Աղբալեան» կոմիտէութիւնը, Հայ Դատի յանձնախումբը, Պըրպէնքի Պէշիր Մարտիրոսեան երիտասարդական կեդրոնի հետ միասին, կ՛ողջունէ առաջին անձագանգող քաջարի արանց եւ կանանց եւ թիկունք կը կանգնի մեր քաղաքի բնակիչներուն, որոնք կը դիմակայեն արտակարգ իրավիճակ La Tuna Canyon-ի երկայնքին ընթացող հրդեհներուն պատճառով:
Մենք դիմած ենք Պըրպէնքի ոստիկանութեան, հրշէջներու կեդրոնին, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներուն, առաջարկելով ոգտագործել Պըրպէնքի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնը (75 E. Santa Anita Ave.) անհրաժեշտութեան պարագային որպէս ժամանակաւոր ապաստանարան:
Բնակարաններէն հեռանալու պարտադրանքի տակ գտնուող ոեւէ բնակիչի համար, մեր կեդրոնը տրամադրելի է:
Մեր հեռաձայնի թիւն է (818) 562- 1918 ext: 2
Այժմ մեր կեդրոնը բաց է: