ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ
Համազգայինի մեծ ընտանիքին կողմէ պատիւը ունիմ երկու խօսք արտասանելու մեր բոլորին սիրելի ընկ. Գալուստին մասին. թէեւ խօսքերը անբաւարար կը թուին ըլլալ՝ արտայայտելու մեր խորազգաց սէրն ու յարգանքը անոր հանդէպ:
Տակաւին երէկ էր…
Իր աւարտին հասած է Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի հաւաքը, որուն ուշադրութեամբ հետեւած էր մինչեւ վերջ: Շուրջը աչք մը կը նետէ, ձեռքը կամացուկ մը վեր կը բարձրացնէ ու ոտքի՝ իր շնորհաւորանքի ու քաջալերանքի խօսքը կ՛ուղղէ դիմացը կանգնած երիտասարդին, որ ջանք չէ խնայած ու յանդգնութիւնը ունեցած էր Շուշանեան մը, Ահարոնեան մը, Վարուժան մը, Ծառուկեան մը ներկայացնելու:
Համազգայինի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանէն չմեկնած՝ հոգատար, հայրական ձեռքը ուսիդ կը դնէ, ժպիտը դէմքին՝ աչքերուդ կը նայի ու գլուխը թեթեւ մը շարժելով, աչքը սեղմ թարթելով՝ իր հաւանութեան ու գնահատանքի խօսքը կը յայտնէ քեզի լռելեայն… երբեմն՝ «Պատի՛ւ արժանաւորաց» մը գլորելով, «վա՛րձքդ կատար, ընկե՛ր» կամ՝ «ընկերուհի» մը բարձրաձայնելով, ի հարկին՝ թելադրանք մը, բոլոր պարագաներուն ալ՝ անկեղծ, ըստ արժանւոյն:
Մեր սիրելի ընկեր Գալուստն է… Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի երկարամեայ, հաւատաւոր, մեծահոգի ու անզուգական ընկեր Գալուստը, մտաւորական համեստ ընկերը, որուն տաղանդն ու արուեստը, գործօն մասնակցութիւնը, համբերատար, ներողամիտ բնութիւնը, օգտաշատ խրատները, յարատեւ քաջալերանքը, կատակները, անկեղծ ու անշեղ միութենականի կերպարը եւ մտերմութիւնը վայելելու բախտաւորութիւնը ունեցած ենք՝ տասնեակ տարիներու ընթացքին, Համազգայինի մեծ ընտանիքէն ներս:
Տակաւին երէկ էր…
«Ներաշխարհիս Ոսպնեակէն» հատորին հրատարակութիւնը կը մօտենայ… միասին նստած ենք ու իր բառերով՝ «բարձրաձայն կը մտածէ»: Միտքերու շարան մը կը յորդի իրմէ՝ մէկը միւսին յաջորդելով, ու վերջապէս ուշադրութեամբ թղթածրարէն կը հանէ հատորին առաջին օրինակը. արդարացի հպարտութեան ցոլքեր կան աչքերուն մէջ: Այնքա՜ն խնամքով կը դարձնէ էջերը… իւրաքանչիւր լուսանկարին ետեւը՝ պատում մը, որ համով-հոտով կը փոխանցէ, քեզ սիրով հրաւիրելով իր աշխարհը, հո՛ն, ուր գեղեցիկ է ամէն ինչ՝ արուեստագէտի բծախնդրութեամբ ու նրբութեամբ հիւսուած: Կարծես իւրաքանչիւր էջի հետ իր աչքին առջեւէն կը սահի ամբողջ կեանք մը, զոր կ՛ապրի ու կ՛ապրեցնէ կենդանի լուսանկարներուն ընդմէջէն: Ու հոն կը զգաս արուեստագէտի նրբազգաց հոգին, կը թափանցես իր ներաշխարհը:
Հատորին շնորհահանդէսն է Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ. աննախընթաց տօնախմբութիւն մը, որ ներգրաւած է արուեստագէտներու փաղանգ մը՝ Ատոմ Էկոյեանէն մինչեւ Արսինէ Խանճեան, Հրանդ Ալիանաք ու շա՜տ շատեր. մշակութասէր երիտասարդներու խմբակ մը, հին ու նոր բարեկամներ, յատկապէս՝ հեռուներէն ժամանած ընկերներ: Պատահական չէ այս երեւոյթը… Իբրեւ արուեստագէտ, իբրեւ միութենական, իբրեւ մարդ՝ ան կրցած է հոգեկան կապեր ստեղծել տարիներու ընթացքին, մտերմութիւններ՝ զանազան արուեստագէտներու ու մշակոյթի խնկարկուներու հետ, մեծէն մինչեւ երիտասարդը, եւ շահած է բոլորին համակրանքն ու յարգանքը: Ոտքի են բոլորը, ծափերը կը շարունակուին…
«Խնկարկո՛ւ»… նախասիրած բառերէն մէկը, որ վայել է իր անձին:
Բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած՝ հայ մշակոյթի խնկարկու ընկեր Գալուստն է:
Համազգայինի «Նուռ» ժապաւէնի փառատօնն է. գրակալին ետեւ կանգած՝ Փարաջանովի հետ ունեցած կախարդական այդ պահը կը բաժնէ մեզի հետ, իր նկարագրութեամբ՝ ասպարէզին ամէնէն յիշատակելի ու հարստացնող փորձառութիւնը: Բոլորս կլանուած մտիկ կ՛ընենք. վարակիչ է եռանդը, դիմացինը իրեն հաղորդակից դարձնելու կարողութիւնը՝ իւրայատո՛ւկ:
Բաւ է թերթել Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի լուսանկարներու հաւաքածոն, թերթել մամուլի էջերը, ու հոն կը տեսնէք զինք՝ բեմի վրայ, բեմին ետեւ, ցուցահանդէսներու ընթացքին, գրական ելոյթներու ընթացքին… Հո՛ն, ուրկէ մշակոյթի բոյր կու գայ, հո՛ն է ընկեր Գալուստը. Համազգայինի լսարաններուն ու ժողովներու սեղանին շուրջ, մտերմիկ հաւաքներու ընթացքին, Սայաթ Նովայի, սիրերգութեան երեկոներու, տաք զրոյցներու մէջ: Եւ սոսկ ներկայութիւն չէ՛, այլ՝ խորհող, տագնապող, խորհրդածող, մասնակցող, ասմունքող, առաջարկող, ձգտող, երազող, լսող… Ականջալուր մանաւա՛նդ՝ նորահաս սերունդին, որուն սէրն ու յարգանքը շահած է: Այնպէ՛ս, ինչպէս հայ ու հայութիւն «դարդ» էին Փարաջանովի համար, ընկ. Գալուստ եւս ազգին հոգերով տագնապողն է… ո՛չ մակերեսային, այլ՝ խորապէս. իր բազկերակը հայով ու հայութեամբ կը տրոփէ:
Այո՛, տակաւին երէկ էր…
Գիրքի մը շնորհահանդէսն է. կը մօտենանք իրեն. «Ընկե՛ր Գալուստ, յարմար նկատեցինք, որ դո՛ւք ընէք թղթակցութիւնը. կարելի՞ է»: Ու ընկալուչին ետեւէն՝ փափկանկատօրէն. «Ը՜, սիրելի՛ ընկերուհի, շոյուած եմ, սակայն հետեւեալն է. չեմ սիրեր մերժել՝ գիտե՛ս, բայց ես լրագրող չեմ, ես պարզապէս տպաւորութիւններս է որ թուղթին կը յանձնեմ»: Ու այնքա՜ն հոգեհարազատ, համով-հոտով գրութիւն մը դուրս կու գայ, որ բոլորովին կը յափշտակէ քեզ:
Մե՛նք ենք շոյուածը, ընկե՛ր Գալուստ:
Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի ընդհանուր ժողովներէն մէկն է. ժողովի օրէնքներն ու յատկապէս ընկերները յարգելով՝ ձայն կը խնդրէ: «Եթէ թոյլ կու տաք, ընկերնե՛ր, հարցը լաւապէս քննելու համար փոքր բացատրութիւն մը կը խնդրեմ, եթէ կարելի է»: Մի՛շտ յարգալիր ընկ. Գալուստն է…
Տակաւին երէկ էր, երբ Համազգայինի նախաձեռնութեամբ իր լուսանկարներու ցուցահանդէսը տեղի կ՛ունենար Երեւանի մէջ, լուսանկարներու հատորին շնորհահանդէսը տեղի կ՛ունենար Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, Քէյմպրիճի մէջ…: Իբրեւ վարչական անդամ թէ պարզ ժողովական, իբրեւ մտաւորական, պատգամաւոր, հանդիսատես, գնահատագիրներու արժանացած ընկեր, հանրաճանաչ լուսանկարիչ, բանաստեղծ, բեմադրիչ, արուեստագէտ՝ ընկ. Գալուստ ընդելուզուած է Համազգայինի ընդհանրապէս եւ «Գլաձոր» մասնաճիւղի պատմութեան՝ յատկապէ՛ս:
Այո՛, տակաւին երէկ էր, երբ իր ու տիկին Յասմիկի մտերմութեամբ, իրենց տան մէջ թէյասեղանի շուրջ կը զրուցէինք մեր համայնքին, Համազգայինի, հայրենիքի մասին: Համազգային եւ ընկ. Գալուստ՝ միասին քայլ նետած ենք, միասին տօնակատարած ենք ու միասի՛ն ցաւած. միասին ապրած ենք իւրաքանչի՛ւր ելեւէջ: Ընկ. Գալուստ ոչ միայն ընդելուզուած է Համազգայինի պատմութեան, այլեւ՝ ապագային, քանզի ան իր օրինակելի միութենականի ու տիպար ազգայինի դրոշմը դրած է մեր սաղարթներուն՝ նորահաս սերունդին վրայ:
Ահա թէ ինչո՛ւ դժուար է ընկ. Գալուստին մասին խօսիլ, յատկապէս՝ անցեալի դէմքով. ան կենդանի է, կայ ու կը մնայ Համազգայինի լուսաւոր աստղերէն մին, որուն լոյսով պիտի առաջնորդուինք դէպի ապագայ հորիզոններ:
Փակագիծ մը բանալով՝ ըսենք, որ ընկ. Գալուստի անունով հաստատուած է ֆոնտ մը, որուն նաեւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Համազգայինը:
Սիրելի՛ ընկ. Գալուստ,
Համազգայինը, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը յաւելեալ փայլք ու շնորհք ստացաւ՝ շնորհիւ քեզի՛, մեր մշակոյթը աւելի հարուստ է՝ շնորհիւ քեզի՛:
Սիրեցի՛ր գեղեցիկը, ձգտեցար գեղեցիկին. զարմանալի չէ ուրեմն, որ նախասիրած բանաստեղծներէդ էր Դանիէլ Վարուժանը: Սիրեցի՛ր մեր լեզուն ու այնքա՛ն խնամքով գուրգուրացիր մեր ոսկեղնիկին վրայ. զարմանալի չէ ուրեմն, որ նախասիրած գրողներէդ էր Վազգէն Շուշանեանը: Հաւատացի՛ր անուշ խօսքին, քաջալերական երկտողին ու բացիկին, ընկալուչը վերցուցիր անվարան՝ յաւելեալ թափ մը տալու մեր բոլորին:
Լուսանկարչութեան ակնարկելով՝ ըսիր. «Հիմնականը՝ փոխանցելն է դիմացինիդ այն զգացումը, որ ոչ թէ դուն իրմէ բան մը կը խլես, այլ՝ միասնաբար գեղեցիկ բան մը կը կերտէք»: Միութենական կեանքի մէջ եւս, սիրելի՛ ընկեր Գալուստ, մենք միասնաբար կերտեցինք գեղեցիկ բան մը, որ կը կոչուի ջերմ ու հարազատ միութենական կեանք: Տուիր՝ առանց ակնկալելու, ու հիմա եւս, Չարենցի խօսքերը փոխ առնելով՝ չես պահանջեր փառք ու վարձ, եւ կ՛երթաս:
Վարձքդ կատա՛ր, երթդ բարի՜, յիշատակդ կ՛ապրի, սիրելի՛, անմոռանալի՛ ընկեր:
25 Յուլիս 2017