«Հայերն Այսօր».- Կիրակի, 20 Օգոստոսին ֆինլանտաբնակ հայերուն համար առանձնայատուկ օր էր. առաջին անգամ հայկական ճաշատեսակները ներկայացուեցան «Ճաշարանի Օր» փառատօնի ծիրին մէջ:
Ֆինլանտա-Հայաստան միութեան փոխնախագահ Մարինէ Դանոյեան կը յայտնէ, թէ «Ճաշարանի Օր»ը Ֆինլանտայի մէջ տարին 4 անգամ իրականացուող եւ մեծ համբաւ ունեցող փառատօն է։
«Փափաքողները կրնան 1 օրով բանալ բացօթեայ ճաշարան եւ վաճառել իրենց պատրաստած կերակուրները: Ճիշդ է, որ հայկական համայնքին կողմէ մասնակցելու փափաքը շատոնց կար, սակայն պահը կարծես հասունացաւ այս անգամ, եւ մեր հայրենակիցներէն շատերը փափաք յայտնեցին միասնաբար մասնակցելու այս ձեռնարկին՝ «Ճաշակէք Հայաստանը» միասնական տաղաւարին մէջ», կը պատմէ Դանոյեան՝ աւելցնելով. «Առաւօտեան կանուխ ժամերէն, Հելսինքիի «Պուլեւարտ» պուրակին մէջ արդէն կը ծածանէր հայկական եռագոյնը, իսկ մեր հայրենակիցները տաղաւարի սեղանը կը զարդարէին հայկական զանազան կերակուրով: Դեռ չէին հասցուցած ամէն ինչ ներկայացնել, արդէն տաղաւարին մօտ մեծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր: Բոլորը կը շտապէին համտեսել մեր տոլման, հարիսան, սմբուկով խաւիարը, հայկական լաւաշը, գաթան, մեղրով կարկանդակը եւ այլ համեղ համեղ ուտելիքները: Կը տիրէր աննկարագրելի եռուզեռ, եւ այցելուներու թիւը երթալով կ՛աւելնար: Ամէն ինչ վաճառուեցաւ շատ արագ, իսկ գովեստի խօսքերը չէին դադրեր: Շուտով յայտնի դարձաւ, որ հայկական տաղաւարը համացանցին վրայ ներառուած է այս ձեռնարկի լաւագոյն տաղաւարներու հնգեակին մէջ: Ֆինլանտայի հայ համայնքին համար ասիկա մեծ ձեռքբերում էր, որ անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ համախմբուելով՝ մենք կրնանք մեծ յաջողութիւններու հասնիլ»:
Ձեռնարկի կազմակերպիչը՝ Մարիամ Նուրմինէ, յայտնեց, որ վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի փոխանցուի Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու կարիքաւոր ընտանիքներուն: