ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Լոս Անճելըսէն ճարտարագէտ-ծրագրաւորող Անտրէյ Պապայեան մասնակցած է համացանցային «Քլաուտքոյն» դրամանիշի եւ յատկապէս անոր ապահով գործածութիւնը երաշխաւորող ծրագիր մը պատրաստելու աշխատանքներուն:
«Git In Sky» ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, որ «Քլաուտքոյն» ստեղծման աշխատանքներուն ընթացքին կիրառուած է գաղտնագրութեան յեղափոխական արհեստագիտութիւն մը, որ կոչուի «Redundant Array of Independent Detection Agents» (RAIDA):
Անտրէյ Պապայեան մշակած է այնպիսի ծրագիր մը, որ համակարգէն դուրս կը պահէ ներթափանցել փորձող ծրագիրները, երաշխաւորելու համար օգտագործողներուն ապահովութիւնը։